ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 71
Ո՛վ Տէր, քեզի յուսացի. Թող չամչնամ յաւիտեան։
2 Քու արդարութիւնովդ զիս ապրեցո՛ւր ու ազատէ՛ զիս։ Ականջդ ծռէ՛ ինծի ու փրկէ՛ զիս։
3 Ինծի ապաւինութեան վէ՛մ եղիր Եւ ամուր բերդ մը՝ զիս փրկելու, Քանզի դուն ես իմ վէմս ու ամրոցս։
4 Ո՛վ իմ Աստուածս, ամբարշտին ձեռքէն, Անօրէնին ու բռնաւորին ձեռքէն զիս փրկէ՛։
5 Վասն զի իմ վստահութիւնս դուն ես, ո՛վ Տէր Եհովա. Մանկութենէս ի վեր դուն ես իմ յոյսս,
6 Ես քու վրադ հաստատուեցայ արգանդէն, Մօրս որովայնէն իմ պաշտպանս դուն ես. Իմ գովութեանս առարկան դո՛ւն ես։
7 Զարմանալի բանի մը պէս եղայ շատերուն, Բայց իմ զօրաւոր ապաւէնս դուն ես։
8 Բերանս քու գովաբանութիւնովդ լեցուն է. Ամէն օր՝ քու փառաբանութիւնովդ։
9 Ծերութեան ատեն զիս մի՛ ձգեր. Ոյժիս պակսած ատենը զիս մի՛ թողուր։
10 Վասն զի թշնամիներս ինծի համար կը խօսին Ու իմ անձս պաշարողները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն,
11 Ըսելով. «Աստուած թողուց զանիկա. Հալածեցէ՛ք ու բռնեցէ՛ք զանիկա, Վասն զի ալ ազատող չկայ»։
12 Ո՛վ Աստուած, ինծմէ մի՛ հեռանար։ Ո՛վ իմ Աստուածս, ինծի օգնելու արտորցի՛ր։
13 Թող ամչնան ու կորսուին իմ անձիս հակառակորդները, Նախատինքով ու ամօթով թող ծածկուին ինծի չարութիւն ուզողները։
14 Բայց ես ամէն ատեն պիտի յուսամ Եւ քու գովաբանութիւններդ պիտի աւելցնեմ։
15 Բերանս պիտի պատմէ քու արդարութիւնդ, Ամէն օր՝ քու փրկութիւնդ, Վասն զի ես անոնց համրանքը չեմ գիտեր։
16 Պիտի քալեմ Տէր Եհովային զօրութիւնովը։ Քու արդարութիւնդ, միայն քուկդ պիտի յիշեմ։
17 Ո՛վ Աստուած, մանկութենէս ի վեր սորվեցուցիր ինծի. Մինչեւ հիմա քու հրաշալի գործերդ պատմեցի։
18 Ու հիմա մինչեւ ծերութեան ու ալեւորութեան ատենս Զիս մի՛ ձգեր, ո՛վ Աստուած. Որպէս զի պատմեմ քու կարողութիւնդ գալու ազգին Եւ քու զօրութիւնդ՝ այն ամենուն, որոնք պիտի գան։
19 Քու արդարութիւնդ ալ շատ բարձր է, ո՛վ Աստուած. Որ մեծամեծ բաներ ըրիր. Քեզի պէս ո՞վ կայ, ո՛վ Աստուած։
20 Դուն որ շատ ու ծանր նեղութիւններ ցուցուցիր ինծի, Նորէն զիս պիտի կենդանացնես Ու երկրին անդունդներէն նորէն զիս պիտի հանես։
21 Իմ պատիւս պիտի շատցնես Ու զիս պիտի մխիթարես։
22 Ուստի ես ալ պիտի գովեմ քեզ տաւիղով Քու ճշմարտութեանդ համար, ո՛վ իմ Աստուածս։ Սաղմոս պիտի երգեմ քեզի քնարով, Ո՛վ Իսրայէլի Սուրբը։
23 Քեզի սաղմոս երգած ատենս իմ շրթունքներս պիտի ցնծան Ու իմ հոգիս՝ որ դուն փրկեցիր։
24 Իմ լեզուս ամէն օր քու արդարութեանդ մասին պիտի խօսի, Վասն զի ինծի չարիք ուզողները ամչցան ու խայտառակ եղան։