ՍԱՂՄՈՍ 72

Ո՛վ Աստուած, քու իրաւունքներդ թագաւորին տուր Ու արդարութիւնդ՝ թագաւորին որդիին։
2 Անիկա արդարութիւնով պիտի դատէ քու ժողովուրդդ Ու աղքատներդ՝ իրաւունքով։
3 Լեռները խաղաղութիւն պիտի բերեն ժողովուրդին Ու բլուրներն ալ՝ արդարութիւն։
4 Ժողովուրդին աղքատներուն իրաւունք պիտի ընէ, Տնանկին զաւակները պիտի ազատէ Ու բռնաւորը պիտի ջարդէ։
5 Քեզմէ պիտի վախնան որչափ ատեն որ արեգակը ու լուսինը կը մնան, Ազգէ մինչեւ ազգ։
6 Հնձուած խոտի վրայ իջած անձրեւի պէս պիտի իջնէ, Տեղատարափներու պէս՝ որոնք երկիրը կը թրջեն։
7 Անոր օրերուն մէջ արդարը պիտի ծաղկի Ու շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, Մինչեւ որ այլեւս լուսին չըլլայ։
8 Ծովէն մինչեւ ծովը պիտի տիրէ անիկա Ու գետէն մինչեւ երկրին ծայրերը։
9 Անոր առջեւ անապատին բնակիչները ծունկ պիտի ծռեն Ու անոր թշնամիները փոշի պիտի լզեն։
10 Թարսիսի ու կղզիներուն թագաւորները ընծայ պիտի մատուցանեն, Շաբայի ու Սաբայի թագաւորները պարգեւ պիտի բերեն։
11 Բոլոր թագաւորները անոր երկրպագութիւն պիտի ընեն, Բոլոր ազգերը անոր պիտի ծառայեն։
12 Վասն զի աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, Խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։
13 Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին Եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ։
14 Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը Եւ անոնց արիւնը պատուական պիտի ըլլայ իր առջեւ։
15 Պիտի ապրի եւ Շաբայի ոսկիէն անոր պիտի տրուի Ու ամէն ատեն աղօթք պիտի մատուցանուի անոր։ Ամէն օր պիտի օրհնեն զանիկա։
16 Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ։ Լեռներուն գլուխը, Անոր պտուղը Լիբանանի պէս պիտի ըլլայ։ Գետնի խոտին պէս պիտի ծաղկին քաղաքացիները։
17 Անոր անունը յաւիտեան պիտի մնայ։ Որչափ ատեն որ արեգակը կը մնայ, անոր անունն ալ պիտի մնայ Ու մարդիկ անով պիտի օրհնուին։ Բոլոր ազգերը երանութիւն պիտի տան անոր։
18 Օրհնեալ ըլլայ Տէր Աստուածը, Իսրայէլի Աստուածը։ Միայն ինքն է հրաշքներ ընողը։
19 Անոր փառաւոր անունը յաւիտեան օրհնեալ պիտի ըլլայ։ Ու բոլոր երկիր թող լեցուի անոր փառքովը։ Ամէն ու ամէն։
20 Յեսսէի որդիին՝ Դաւիթին՝ աղօթքները լմնցան։