ՍԱՂՄՈՍ 62

Յիրաւի իմ անձս լռիկ միայն Աստուծոյ կը սպասէ։ Անկէ է իմ փրկութիւնս.
2 Յիրաւի ա՛ն է իմ վէմս ու փրկութիւնս. Իմ ապաւէնս է, բնաւ պիտի չսասանիմ։
3 Մինչեւ ե՞րբ մարդու վրայ պիտի յարձակիք. Դուք ամէնքդ, որպէս զի կոտրտէք զանիկա, Ծռած պատի ու խախտած ցանկապատի պէս։
4 Արդարեւ իր բարձրութենէն ձգել կը ծրագրեն, Ստութիւն կը սիրեն. Իրենց բերնովը կ’օրհնեն. Բայց իրենց սրտովը կ’անիծեն։ (Սէլա։)
5 Ո՛վ իմ անձս, միայն Աստուծոյ սպասէ, Վասն զի անկէ է իմ յոյսս։
6 Յիրաւի ան է իմ վէմս ու փկութիւնս. Իմ ապաւէնս է։ Պիտի չսասանիմ։
7 Աստուծմէ է իմ փրկութիւնս ու փառքս։ Իմ զօրութեանս վէմը ու իմ ապաւէնս Աստուած է։
8 Ամէն ժամանակ անոր յուսացէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդ. Անոր առջեւ սրտերնիդ բացէք, Քանզի Աստուած ապաւէն է մեզի։ (Սէլա։)
9 Արդարեւ ռամիկ մարդիկը փուճ են, Ազնուական մարդիկը սուտ են։ Եթէ կշիռքի մէջ դրուելու ըլլան, Ամէնքն ալ ունայնութենէն թեթեւ են։
10 Հարստահարութեան մի՛ յուսաք, Յափշտակութեան վրայ փուճ յոյս մի՛ դնէք. Հարստութիւնը եթէ շատնայ, Սրտերնիդ թող չվստահի անոր։
11 Մէկ անգամ խօսեցաւ Աստուած. Երկու անգամ լսեցի ասիկա, Թէ զօրութիւնը Աստուծոյ կը պատկանի։
12 Ողորմութիւնն ալ քուկդ է, ո՛վ Տէր, Վասն զի ամէն մէկուն իր գործին համեմատ հատուցում կ’ընես։