ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 52
Ինչո՞ւ անօրէնութիւնով կը պարծիս, ո՛վ բռնաւոր. Աստուծոյ ողորմութիւնը յաւիտենական է։
2 Լեզուդ չարութիւններ կը հնարէ Եւ սուր ածելիի պէս նենգութիւն կը գործէ։
3 Չարութիւնը բարութենէն աւելի կը սիրես Ու ստութիւնը՝ արդարութիւն խօսելէն աւելի։ (Սէլա։)
4 Ամէն կործանման խօսք Ու նենգաւոր լեզու կը սիրես։
5 Ուստի Աստուած յաւիտեան քեզ պիտի կործանէ, Քեզ պիտի բռնէ ու քեզ հանէ քու բնակարանէդ Ու քեզ արմատէդ պիտի խլէ կենդանիներուն երկրէն։ (Սէլա։)
6 Արդարները պիտի տեսնեն ու վախնան Ու անոր վրայ պիտի ծիծաղին՝ ըսելով.
7 «Ահա այն մարդը, որ Աստուած իրեն ապաւէն չըրաւ, Հապա իր շատ հարստութեանը վստահեցաւ Ու իր անօրէնութիւնովը զօրացաւ»։
8 Սակայն ես Աստուծոյ տանը մէջ կանանչ ձիթենիի պէս եմ. Աստուծոյ ողորմութեանը կը յուսամ յաւիտեանս յաւիտենից։
9 Քեզ պիտի գովեմ յաւիտեան, Որ այս բանը կատարեցիր Ու քու անուանդ պիտի յուսամ, Վասն զի բարի է սուրբերուդ առջեւ։