ՍԱՂՄՈՍ 20

Նեղութեան օրը Տէրը պատասխանէ քեզի, Յակոբին Աստուծոյն անունը քեզ պաշտպանէ.
2 Օգնութիւն ղրկէ քեզի սուրբ տեղէն Ու Սիօնէն զօրացնէ քեզ։
3 Քու ամէն ընծաներդ յիշէ Եւ քու ողջակէզներդ ընդունի։ (Սէլա։)
4 Քու սրտիդ համեմատ քեզի տայ Եւ քու ամէն խորհուրդներդ կատարէ։
5 Քու փրկութիւնովդ պիտի ուրախանանք Ու մեր Աստուծոյն անունովը դրօշակը վերցնենք։ Տէրը կատարէ քու ամէն խնդրուածքներդ։
6 Հիմա գիտցայ թէ Տէրը կը պահէ իր օծեալը, Անոր պատասխան կու տայ իր սուրբ երկնքէն՝ Իր աջ ձեռքին փրկութեան ուժովը։
7 Ոմանք՝ կառքերու եւ ոմանք ալ ձիերու կ’ապաւինին, Բայց մենք մեր Տէր Աստուծոյն անունը պիտի յիշենք։
8 Անոնք կորացան ու ինկան, Բայց մենք ելանք ու շիտակ կանգնեցանք։
9 Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ թագաւորը, Պատասխան տուր մեզի մեր կանչելու օրը՝ ՝։