ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 34
Ամէն ժամանակ Տէրը պիտի գովեմ։ Անոր գովութիւնը միշտ իմ բերանս պիտի ըլլայ։
2 Իմ անձս Տէրոջմով պիտի պարծի։ Խոնարհները պիտի լսեն եւ ուրախ ըլլան։
3 Ինծի հետ Տէրը մեծցուցէ՛ք Ու մէկտեղ բարձրացնենք անոր անունը։
4 Տէրը փնտռեցի ու ինծի պատասխան տուաւ Եւ իմ ամէն երկիւղներէս զիս փրկեց։
5 Անոր նայեցան ու լոյս առին Եւ անոնց երեսները չամչցան։
6 Այս աղքատը աղաղակեց ու Տէրը լսեց անոր Եւ զանիկա իր բոլոր նեղութիւններէն փրկեց։
7 Տէրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէ Ու զանոնք կ’ազատէ։
8 Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է։ Երանի՜ այն մարդուն որ անոր կը յուսայ։
9 Տէրոջմէ վախցէ՛ք, ո՛վ անոր սուրբեր, Վասն զի անկէ վախցողներուն բան մը պակաս չըլլար։
10 Առիւծի կորիւնները չքաւորութիւն ու անօթութիւն կը կրեն, Սակայն Տէրը փնտռողներուն բարութիւն մը պակաս պիտի չըլլայ։
11 Եկէ՛ք, ո՛րդիք, մտի՛կ ըրէք ինծի, Տէրոջը վախը ձեզի պիտի սորվեցնեմ։
12 Ո՞վ է այն մարդը որ ապրիլ կ’ուզէ Ու շատ օրեր կը սիրէ՝ բարութիւն տեսնելու համար։
13 Քու լեզուդ չարութենէ պահէ Ու շրթունքներդ՝ նենգութիւն խօսելէ։
14 Չարութենէ հեռացիր ու բարութիւն ըրէ, Խաղաղութիւն փնտռէ ու անոր ետեւէն գնա՛։
15 Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են Ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին։
16 Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է, Անոնց յիշատակը երկրէն բնաջնջելու համար։
17 Արդարները կ’աղաղակէն ու Տէրը կը լսէ Ու իրենց բոլոր նեղութիւններէն կը փրկէ զանոնք։
18 Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է Ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ։
19 Արդարին նեղութիւնները շատ են, Բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա։
20 Անոր բոլոր ոսկորները կը պահէ, Անոնցմէ մէկը չի կոտրուիր։
21 Չարութիւնը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ Ու արդարը ատողները պիտի դատապարտուին։
22 Տէրը իր ծառաներուն անձը կը փրկէ Եւ իրեն յուսացողներէն բնաւ մէկը պիտի չդատապարտուի։