ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 146
Ալէլուիա՜։ Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։
2 Տէրը պիտի օրհնեմ իմ կեանքիս մէջ։ Որքան ատեն որ ողջ եմ՝ իմ Աստուծոյս սաղմոս պիտի ըսեմ։
3 Մի՛ յուսաք իշխաններուն, Մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ։
4 Անոր հոգին կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։ Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին։
5 Երանի՜ անոր՝ որուն օգնականը Յակոբին Աստուածն է Ու անոր յոյսը իր Տէր Աստուծոյն վրայ է,
6 Որ երկինքը ու երկիրը, Ծովն ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեց։ Ճշմարտութիւնը կը պահէ յաւիտեան,
7 Իրաւունք կ’ընէ զրկուածներուն Ու հաց կու տայ անօթիներուն։ Տէրը կ’արձակէ կապուածները,
8 Տէրը կը բանայ կոյրերուն աչքերը, Տէրը կը կանգնեցնէ վար ծռածները, Տէրը կը սիրէ արդարները,
9 Տէրը կը պահէ պանդուխտները, Կը հաստատէ որբն ու որբեւարին, Բայց ամբարիշտներուն ճամբան կը ծռէ։
10 Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեան, Քու Աստուածդ, ո՛վ Սիօն, ազգէ մինչեւ ազգ։ Ալէլուիա՜։