ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 47
Ծափ զարկէ՛ք, ժողովուրդնե՛ր, Ցնծութեան ձայնով Աստուծոյ աղաղակեցէ՛ք։
2 Վասն զի Տէրը Բարձրեալ եւ Ահարկու է. Բոլոր երկրի վրայ Մեծ Թագաւոր է։
3 Ժողովուրդները մեզի կը հնազանդեցնէ Ու ազգերը մեր ոտքերուն տակ կը դնէ։
4 Ընտրեց մեզի մեր ժառանգութիւնը, Յակոբին փառաւորութիւնը՝ որ ինք սիրեց։ (Սէլա։)
5 Աստուած ցնծութիւնով վեր ելաւ, Տէրը՝ փողի ձայնով։
6 Սաղմոս երգեցէ՛ք Աստուծոյ, սաղմոս երգեցէ՛ք. Սաղմոս երգեցէք մեր Թագաւորին. սաղմոս երգեցէ՛ք.
7 Վասն զի Աստուած թագաւոր է բոլոր երկրի վրայ։ Երգ երգեցէ՛ք անոր։
8 Աստուած ազգերուն վրայ կը թագաւորէ, Աստուած կը նստի իր սուրբ աթոռին վրայ։
9 Ժողովուրդին իշխանները հաւաքուեցան Աբրահամին Աստուծոյն ժողովուրդին հետ Վասն զի երկրին ասպարները Աստուծոյն են. Ինք խիստ բարձրացած է։