ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 84
Ի՜նչպէս սիրելի են քու բնակարաններդ, Ո՛վ զօրաց Տէր։
2 Իմ անձս կը փափաքի ու նաեւ կը մարի Տէրոջը սրահներուն համար։ Իմ սիրտս ու մարմինս ցնծութեամբ կ’աղաղակեն Կենդանի Աստուծոյն։
3 Ճնճղուկն ալ տուն գտաւ Ու ծիծեռնակը իրեն բոյն՝ իր ձագերը դնելու համար, Քու սեղաններուդ քով, ո՛վ զօրաց Տէր, Իմ Թագաւորս ու Աստուածս։
4 Երանի՜ անոնց որ քու տանդ մէջ կը բնակին։ Անոնք անդադար քեզ պիտի օրհնեն։ (Սէլա։)
5 Երանի՜ այն մարդոց, որոնց զօրութիւնը քեզմէ է Ու իրենց սրտին մէջ տանդ ճամբաները կան։
6 Արտասուաց հովիտէն անցնելով աղբիւրի պէս կ’ընեն զանիկա։ Առաջին անձրեւն ալ օրհնութիւնով պիտի ծածկէ զանիկա՝ ՝։
7 Անոնք զօրութենէ զօրութիւն պիտի երթան, Մինչեւ որ Սիօնի մէջ Աստուծոյ առջեւ երեւնան.
8 Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքս, Ականջ դի՛ր, ո՛վ Յակոբին Աստուածը։ (Սէլա։)
9 Ո՛վ մեր վահանը Աստուած, տե՛ս Ու քու օծեալիդ երեսին նայէ՛։
10 Վասն զի քու սրահներուդ մէջ Մէկ օրը ուրիշ տեղի հազարէն աղէկ է։ Աւելի նախընտրեցի իմ Աստուծոյս տանը շեմին վրայ կենալ, Քան թէ ամբարիշտներու վրաններուն մէջ բնակիլ։
11 Քանզի Տէր Աստուածը արեւ ու վահան է. Տէրը շնորհք ու փառք պիտի տայ։ Բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէ Ուղղութեամբ քալողներէն։
12 Ո՛վ զօրաց Տէր, Երանելի՜ է քեզի յուսացող մարդը։