ՍԱՂՄՈՍ 127

Եթէ Տէրը չշինէ տունը, Զուր տեղ կ’աշխատին անոր շինողները։ Եթէ Տէրը չպահպանէ քաղաքը, Զուր տեղ կը հսկեն պահապանները։
2 Պարապ բան է ձեզի համար կանուխ ելնելը եւ ուշ հանգչիլը Ու ցաւով հաց ուտելը։ Արդարեւ անիկա իր սիրելիին քուն կու տայ։
3 Ահա տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են. Որովայնի պտուղը անոր պարգեւն է։
4 Ինչպէս են նետերը զօրաւորին ձեռքին մէջ, Այնպէս են երիտասարդներուն տղաքը։
5 Երանի՜ այն մարդուն, Որ իր կապարճը անոնցմով լեցուց։ Երբ դրանը մէջ թշնամիներուն հետ խօսելու ըլլան, Պիտի չամչնան։