ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 142
Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաղակեմ, Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաչեմ։
2 Իմ գանգատս անոր առջեւ կը թափեմ. Իմ նեղութիւնս անոր առջեւ կը պատմեմ։
3 Երբ հոգիս իմ մէջս կը նուաղէր, Դուն իմ շաւիղս գիտցար։ Իմ քալած ճամբուս մէջ Ինծի համար գաղտուկ որոգայթ լարեցին։
4 Աջ կողմս կը նայիմ ու կը տեսնեմ թէ Ոչ ոք կը ճանչնայ զիս։ Ապաւէնը ինծմէ կորսուեցաւ. Բնաւ մէկը չկայ, որ իմ անձիս համար հոգ ընէ։
5 Ո՛վ Տէր, քեզի աղաղակեցի Ու ըսի. «Դո՛ւն ես իմ ապաւէնս Եւ իմ բաժինս կենդանիներու երկրին մէջ։
6 Ակա՛նջ դիր իմ աղաղակիս, Վասն զի շատ նուաստացայ։ Ազատէ՛ զիս իմ հալածիչներէս, Վասն զի ինծմէ զօրաւոր են։
7 Իմ անձս բանտէն հանէ՛, Որպէս զի քու անուանդ գոհութիւն մատուցանեմ։ Արդարները իմ չորս կողմս պիտի պատեն, Երբ ինծի բարութիւն ընես»։