ՍԱՂՄՈՍ 123

Քեզի կը բարձրացնեմ ին աչքերս, Ով երկնքի մէջ Բնակող։
2 Ահա ինչպէս ծառաներուն աչքերը իրենց տիրոջը ձեռքին կը նային Ու ինչպէս աղախինին աչքերը՝ իր տիկնոջ ձեռքին, Այնպէս ալ մեր աչքերը Տէրոջը՝ մեր Աստուծոյն՝ պիտի նային, Մինչեւ մեզի ողորմի։
3 Ողորմէ՛ մեզի, ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ մեզի, Վասն զի խիստ լեցուեցանք անարգանքով։
4 Խիստ լեցուած է մեր անձը հանգիստ վայելողներուն նախատինքովը Ու ամբարտաւաններուն անարգանքովը։