ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 130
Խորունկ տեղերէն քեզի կանչեցի, ո՛վ Տէր։
2 Ո՛վ Տէր, իմ ձայնս լսէ։ Քու ականջներդ թող մտիկ ընեն իմ աղօթքիս ձայնին։
3 Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ։
4 Բայց քու քովդ է թողութիւնը, Որպէս զի քեզմէ վախնան։
5 Ես Տէրոջը կը սպասեմ, իմ անձս կը սպասէ Ու անոր խօսքին կը յուսամ։
6 Առտուան սպասողներէն, առտուան սպասողներէն աւելի Իմ անձս Տէրոջը կը սպասէ։
7 Իսրայէլ թող Տէրոջը յուսայ, Վասն զի Տէրոջը քով ողորմութիւն կայ Ու անոր քով շատ փրկութիւն կայ։
8 Անիկա պիտի փրկէ Իսրայէլը Իր բոլոր անօրէնութիւններէն։