ՍԱՂՄՈՍ 78

Ո՛վ իմ ժողովուրդս, մտիկ ըրէք իմ օրէնքիս։ Խոնարհեցուցէք ձեր ականջը իմ բերնիս խօսքերուն։
2 Առակով պիտի բանամ իմ բերանս Ու հին ժամանակի խրթնաբանութիւնները պիտի յայտնեմ,
3 Որոնք լսեցինք ու գիտցանք Եւ մեր հայրերը մեզի պատմեցին։
4 Մենք պիտի չպահենք անոնց որդիներէն եւ Յաջորդ սերունդին պիտի պատմենք Տէրոջը փառաւոր գործերն ու անոր զօրութիւնը Եւ անոր ըրած հրաշքները։
5 Վասն զի վկայութիւն հաստատեց Յակոբի մէջ Ու օրէնք դրաւ Իսրայէլի մէջ, Որոնք պատուիրեց մեր հայրերուն, Որպէս զի սորվեցնեն իրենց որդիներուն.
6 Որպէս զի յաջորդ սերունդը եւ ծնանելու տղաքը, ասոնք իմանան Ու իրենց որդիներուն պատմեն։
7 Անոնք ալ իրենց յոյսը Աստուծոյ վրայ դնելով՝ Չմոռնան Աստուծոյ գործերը, Հապա անոր պատուիրանքները պահեն
8 Ու իրենց հայրերուն պէս Կամակոր ու ապստամբ ազգ մը չըլլան. Այնպիսի ազգ մը, որոնց սիրտը չէ հաստատուած Ու իրենց հոգին հաւատարիմ չէ Աստուծոյ։
9 Եփրեմի որդիները՝ որոնք սպառազինեալ աղեղնաւորներ էին, Պատերազմին օրը ետ դարձան,
10 Աստուծոյ ուխտը չպահեցին Ու անոր օրէնքին համեմատ քալել չուզեցին
11 Ու մոռցան անոր գործերը Եւ անոր հրաշքները, որոնք իրենց ցուցուցեր էր։
12 Անոնց հայրերուն առջեւ հրաշքներ ըրաւ, Եգիպտոսի երկրին՝ Տայանիսի դաշտին մէջ։
13 Ծովը պատռեց ու զանոնք անցուց Եւ ջուրերն ալ դէզի պէս կանգնեցուց։
14 Ցորեկը ամպով առաջնորդեց անոնց Եւ բոլոր գիշերը կրակի լոյսով։
15 Վէմերը պատռեց անապատին մէջ Ու խմցուց անոնց՝ իբր թէ մեծ անդունդէ մը։
16 Առուներ հանեց վէմէն Ու ջուրերը գետերու պէս բղխեցուց։
17 Բայց անոնք նորէն մեղանչեցին անոր դէմ Ու անապատին մէջ բարկացուցին Բարձրեալը
18 Եւ իրենց սրտերուն մէջ Աստուած փորձեցին՝ Կերակուր ուզելով իրենց անձերուն համար։
19 Աստուծոյ դէմ խօսեցան ու ըսին. «Միթէ կարո՞ղ է Աստուած Անապատին մէջ սեղան պատրաստել։
20 Ահա վէմին զարկաւ ու ջուրերը բղխեցան Ու առուները վազեցին. Արդեօք հաց ալ կրնա՞յ տալ, Արդեօք միս կը պատրաստէ՞ իր ժողովուրդին համար»։
21 Ուստի՝ երբ Տէրը լսեց՝ բարկացաւ Եւ կրակ մը բորբոքեցաւ Յակոբին դէմ, Նաեւ բարկութիւն՝ Իսրայէլին վրայ.
22 Վասն զի Աստուծոյ չհաւատացին Ու յոյսերնին անոր փրկութեանը վրայ չդրին.
23 Թէեւ ինք վերէն հրաման ըրեր էր ամպերուն Ու երկնքի դռները բացեր էր
24 Եւ կերակուրի համար անոնց վրայ մանանայ տեղացուցեր էր Ու երկնքի ցորենը տուեր էր անոնց։
25 Մարդիկ հրեշտակներուն հացը կերան՝ ՝, Կշտանալու չափ պաշար ղրկեց անոնց։
26 Երկնքի մէջ արեւելեան հովը հանեց Եւ իր զօրութիւնովը հարաւային հովը բերաւ.
27 Անոնց վրայ փոշիի պէս միս տեղացուց։ Ծովու աւազին չափ թեւաւոր թռչուններ
28 Անոնց բանակին մէջ եւ Անոնց վրաններուն չորս կողմը իջեցուց։
29 Կերան եւ աղէկ կշտացան. Վասն զի իրենց ցանկացածը իրենց տուաւ։
30 Իրենց ցանկացածներէն զուրկ չմնացին Եւ քանի որ իրենց կերակուրը իրենց բերանն էր,
31 Աստուծոյ բարկութիւնը անոնց վրայ բորբոքեցաւ Ու սպաննեց անոնց զօրաւորները Ու գետինը զարկաւ Իսրայէլի ընտիրները։
32 Հակառակ ասոր նորէն մեղանչեցին Ու չհաւատացին անոր հրաշքներուն։
33 Ուստի ունայնութեան մէջ սպառեց անոնց օրերը Եւ ահի մէջ՝ անոնց տարիները։
34 Երբ կը սպաննէր զանոնք, զինք կը փնտռէին Ու ետ կը դառնային եւ առտու կանուխ ջերմեռանդութեամբ Աստուած կը փնտռէին։
35 Ու կը յիշէին թէ Աստուած իրենց Վէմն էր Եւ Բարձրեալն Աստուած իրենց Փրկիչն էր,
36 Սակայն իրենց բերնովը կը շողոքորթէին Ու իրենց լեզուովը սուտ կը խօսէին անոր։
37 Իրենց սիրտը ուղիղ չէր անոր առջեւ Ու հաւատարիմ չէին անոր ուխտին մէջ։
38 Բայց ան ողորմած ըլլալով՝ անոնց անօրէնութեան կը ներէր Ու չէր կորսնցներ զանոնք։ Շատ անգամ կը զսպէր իր բարկութիւնը Ու չէր բորբոքեցներ իր բոլոր սրտմտութիւնը,
39 Վասն զի կը յիշէր թէ անոնք մարմին են, Հովի մը պէս, որ կ’երթայ ու ետ չի դառնար։
40 Քանի՜ անգամ զանիկա սրդողցուցին անապատին մէջ Ու բարկացուցին զանիկա անջուր տեղին մէջ
41 Եւ կրկին ու կրկին Աստուած փորձեցին Ու Իսրայէլի Սուրբը նեղացուցին։
42 Չյիշեցին անոր ձեռքը Ու այն օրը երբ զիրենք թշնամիէն փրկեց
43 Եւ թէ ի՛նչպէս իր նշանները ըրաւ Եգիպտոսի մէջ Ու իր հրաշքները՝ Տայանիսի դաշտին մէջ։
44 Արիւնի դարձուց անոնց գետերը Եւ անոնց առուները, որ չկրնան խմել։
45 Շանաճանճեր ղրկեց անոնց վրայ, որոնք կերան զանոնք։ Գորտեր՝ որոնք ապականեցին զանոնք։
46 Ու անոնց բերքը գրուիճին տուաւ Եւ անոնց վաստակը՝ մարախին.
47 Անոնց որթատունկերը կարկուտով փճացուց Ու անոնց ժանտաթզենիները՝ խոշոր կարկուտով
48 Եւ անոնց անասունները կարկուտին մատնեց Ու անոնց հօտերը՝ կայծակին։
49 Անոնց վրայ ղրկեց սաստիկ բարկութիւն, Սրտմտութիւն ու բարկութիւն ու նեղութիւն։ Չար հրեշտակները ղրկելով
50 Իր բարկութեանը ճամբայ բացաւ։ Անոնց անձը մահուանէ չխնայեց, Հապա անոնց կեանքը ժանտախտի մատնեց։
51 Ամէն անդրանիկ սպաննեց Եգիպտոսի մէջ Եւ առջինեկները՝ Քամի վրաններուն մէջ։
52 Իր ժողովուրդը ոչխարներու պէս հանեց։ Զանոնք հօտի պէս վարեց անապատին մէջէն
53 Եւ ապահովութեամբ առաջնորդեց, այնպէս որ չվախցան, Իսկ ծովը ծածկեց անոնց թշնամիները։
54 Ու զանոնք տարաւ իր սուրբ երկիրը՝ Այն լեռը՝ որ իր աջ ձեռքը ստացեր էր։
55 Անոնց առջեւէն ազգեր վռնտեց Եւ ժառանգութիւն բաժնեց անոնց Ու Իսրայէլի ցեղերը անոնց վրաններուն մէջ բնակեցուց։
56 Բայց անոնք փորձեցին ու սրդողցուցին Բարձրեալն Աստուածը Ու նկատի չառին անոր վկայութիւնները։
57 Իրենց հայրերուն պէս ետ դարձան ու նենգութիւն ըրին. Խաբեբայ աղեղի պէս խոտորեցան։
58 Վասն զի զանիկա սրդողցուցին իրենց բարձր տեղերովը Ու անոր նախանձը շարժեցին իրենց կուռքերովը։
59 Երբ Աստուած լսեց՝ բարկացաւ Եւ շատ անարգեց Իսրայէլը։
60 Սելովի խորանը մերժեց, Այն վրանը՝ որ մարդոց մէջ կանգնեցուցած էր։
61 Իր զօրութիւնը գերութեան մատնեց, Իր փառքը՝ թշնամիներուն ձեռքը։
62 Իր ժողովուրդը սուրի մատնեց Ու իր ժառանգութեանը վրայ բարկացաւ։
63 Կրակը կերաւ անոր երիտասարդները Ու անոր աղջիկները սուգ չըրին՝ ՝։
64 Անոր քահանաները սրով ինկան Ու անոր որբեւարիները չլացին։
65 Բայց Տէրը արթնցաւ որպէս թէ քունէ՝ Գինիէ սթափած զօրաւոր մարդու մը պէս
66 Ու իր թշնամիները ետեւնուն զարկաւ, Յաւիտենական նախատինք տուաւ անոնց։
67 Յովսէփին վրանը մերժեց Ու Եփրեմին ցեղը չընտրեց,
68 Հապա Յուդային ցեղը ընտրեց Ու Սիօն լեռը՝ որ սիրեց։
69 Իր սրբարանը շինեց բարձր բլուրներու պէս, Այն երկրին պէս որ յաւիտենապէս հաստատեց։
70 Իր Դաւիթ ծառան ընտրեց Եւ զանիկա ոչխարի փարախներէն առաւ,
71 Ծիծ տուող ոչխարներուն ետեւէն բերաւ զանիկա, Որպէս զի իր Յակոբ ժողովուրդը Ու իր Իսրայէլ ժառանգութիւնը հովուէ։
72 Անիկա ալ հովուեց զանոնք իր սրտին անմեղութիւնովը Ու իր ձեռքերուն ճարտարութեամբը առաջնորդեց անոնց։