ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 7
Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, քեզի կը յուսամ, Փրկէ զիս իմ բոլոր հալածիչներէս ու ազատէ զիս.
2 Չըլլայ որ առիւծի պէս իմ անձս գիշատէ Ու պատառէ եւ ազատող մը չըլլայ։
3 Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, եթէ այս բանը ըրի, Կամ եթէ իմ ձեռքերուս մէջ անօրէնութիւն կայ,
4 Եթէ բարեկամիս չարութիւն ըրի Ու կողոպտեցի զանիկա՝ որ առանց պատճառի իմ թշնամիս էր,
5 Թող թշնամին հալածէ իմ անձս ու հասնի անոր Ու երկրի վրայ կոխկռտէ իմ կեանքս, Եւ իմ փառքս հողի վրայ բնակեցնէ։ (Սէլա։)
6 Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, քու բարկութիւնովդ, Իմ թշնամիներուս կատաղութիւններուն դէմ բարձր եղիր, Արթնցի՛ր, ո՛վ Աստուած, դուն սահմանած ես դատաստան մը։
7 Եւ ժողովուրդներուն ժողովը քու չորս կողմդ պիտի պատէ. Անոնց վրայ բարձրացիր։
8 Տէրը պիտի դատէ ժողովուրդները. Ո՛վ Տէր, իմ դատաստանս տես, Իմ ունեցած անարատութեանս ու անմեղութեանս նայելով։
9 Ամբարիշտներուն չարութիւնը թող հատնի։ Բայց դուն արդարը հաստատէ. Վասն զի դուն, ո՛վ արդար Աստուած, կը քննես սրտերը ու երիկամունքները։
10 Իմ պաշտպանութիւնս Աստուծմէ է. Որ կ’ապրեցնէ սրտով ուղիղները։
11 Աստուած արդար դատաւոր է Ու Աստուած մեղաւորին ամէն օր բարկացած է.
12 Եթէ անիկա չդառնայ, իր սուրը պիտի սրէ. Աղեղը լարեր ու պատրաստեր է։
13 Ու մահու գործիքները անոր համար պատրաստեր է, Իր նետերը հալածիչներուն համար՝ ՝ շիներ է։
14 Ահա անօրէնութեան երկունքը բռնեց զանիկա. Չարութիւն յղացաւ ու ստութիւն ծնաւ։
15 Հոր փորեց ու խորունկցուց, Բայց իր շինած փոսին մէջ ի՛նք պիտի իյնայ.
16 Անոր չարութիւնը իր գլուխը պիտի դառնայ Ու անոր բռնութիւնը իր գագաթին վրայ պիտի իջնէ։
17 Գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Տէրոջը իր արդարութեանը համար Սաղմոս պիտի երգեմ Բարձրեալ Տէրոջը անուանը։