ՍԱՂՄՈՍ 60

Ո՛վ Աստուած, մեզ երեսէ ձգեցիր, Մեզի բարկացար ու ցրուեցիր։ Մեզի դարձիր։
2 Երկիրը դողացուցիր, զանիկա պատռեցիր։ Անոր փլած տեղերը նորոգէ՛, վասն զի կ’երերայ։
3 Քու ժողովուրդիդ խստութիւն ցուցուցիր. Մեզի թմրութեան գինի խմցուցիր։
4 Քեզմէ վախցողներուն դրօշակ տուիր, Ճշմարտութեան համար վերցնելու՝ ՝,
5 Որպէս զի քու սիրելիներդ փրկուին։ Աջ ձեռքովդ ապրեցո՛ւր ու պատասխան տո՛ւր ինծի։
6 Աստուած իր սրբութիւնովը՝ ՝ խօսեցաւ, ուստի Ես պիտի ցնծամ, Սիւքէմը պիտի բաժնեմ Ու Սոկքովթի հովիտը պիտի չափեմ։
7 Իմս է Գաղաադը ու իմս է Մանասէն, Եփրեմը գլխուս զօրութիւնն է. Յուդան իմ օրէնսդիրս է։
8 Մովաբը իմ լուացուելու ամանս է. Եդովմին վրայ պիտի ձգեմ իմ մուճակս։ Ո՛վ Փղշտացիներ, ինծի համար ձայնով ցնծացէ՛ք։
9 Ո՞վ պիտի տանի զիս պարսպապատ քաղաքը. Ո՞վ պիտի առաջնորդէ ինծի մինչեւ Եդովմ։
10 Չէ՞ որ դուն, ո՛վ Աստուած, որ երեսէ ձգեցիր մեզ Ու մեր զօրքերուն հետ չելար, ո՛վ Աստուած։
11 Նեղութեան մէջ մեզի օգնութիւն տուր. Վասն զի փուճ է մարդուն փրկութիւնը։
12 Աստուծմով քաջութիւն պիտի ընենք. Ու ան պիտի արհամարհէ մեր թշնամիները։