ՍԱՂՄՈՍ 82

Աստուած կայնած է աստուածային ժողովին մէջ, Աստուածներուն մէջ դատաստան կը տեսնէ։
2 «Մինչեւ ե՞րբ անիրաւութեամբ պիտի դատէք Ու ամբարիշտներուն աչառութիւն պիտի ընէք։ (Սէլա։)
3 Արդար դատաստան ըրէք աղքատին ու որբին, Խեղճին ու չքաւորին իրաւունքը պաշտպանեցէ՛ք։
4 Փրկեցէ՛ք աղքատը ու տնանկը, Ամբարիշտներուն ձեռքէն ազատեցէ՛ք զանոնք»։
5 Չեն իմանար ու չեն հասկնար, Խաւարի մէջ կը պտըտին։ Երկրի բոլոր հիմերը շարժեցան։
6 Ես ըսի. «Դուք աստուածներ էք. Ու դուք ամէնքդ Բարձրեալին որդիներն էք,
7 Բայց մարդոց պէս պիտի մեռնիք Ու իշխաններէն մէկուն պէս պիտի իյնաք»։
8 Ելի՛ր, ո՛վ Աստուած, դատէ՛ երկիրը Վասն զի բոլոր ազգերը քեզի կը պատկանին։