ՍԱՂՄՈՍ 43

Իմ դատս տես, ո՛վ Աստուած ու իրաւունքս պաշտպանէ՛ Անաստուած ազգէն։ Նենգաւոր ու անօրէն մարդէն զիս ազատէ,
2 Քանզի դուն ես իմ ամրութեանս Աստուածը։ Ինչո՞ւ զիս կը մերժես, Ինչո՞ւ տրտում պտըտիմ Թշնամիին հարստահարութենէն։
3 Քու լոյսդ ու ճշմարտութիւնդ ղրկէ, որպէս զի Անոնք առաջնորդէն ինծի ու զիս հանեն Քու սուրբ լեռդ ու բնակարաններդ։
4 Աստուծոյ սեղանին քով պիտի երթամ, Իմ ուրախութեանս ու ցնծութեանս Աստուծոյն առջեւ։ Քեզ քնարով պիտի գովեմ, Ո՛վ Աստուած, իմ Աստուածս։
5 Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։ Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ. Ա՛ն է իմ երեսիս փրկութիւնը ու իմ Աստուածս։