ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 37
Չարերուն համար մի՛ նեղանար, Անօրէնութիւն գործողներուն մի՛ նախանձիր,
2 Վասն զի անոնք խոտի պէս շուտով պիտի կտրուին Ու կանանչ խոտի պէս պիտի չորնան։
3 Տէրոջը յուսա՛ ու բարութիւն ըրէ՛, Երկրին վրայ բնակէ՛ ու ճշմարտութեան մէջ արածուիր
4 Ու Տէրոջմով ուրախացիր, քանզի Անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները։
5 Տէրոջը յանձնէ քու ճամբադ Ու անոր յուսա եւ անիկա պիտի կատարէ
6 Ու դուրս պիտի հանէ քու արդարութիւնդ լոյսի պէս Ու քու իրաւունքդ՝ կէսօրուան պէս։
7 Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր սպասէ՛ Եւ մի՛ նախանձիր իր ճամբան յաջողութեամբ գացողին Ու խաբէութիւն ընող մարդուն։
8 Դադարէ՛ բարկութենէ ու սրդողիլը վերջացուր։ Մի՛ նեղանար, որ չարութիւն ընել չփորձուիս։
9 Վասն զի չարագործները պիտի կորսուին, Սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն։
10 Վասն զի քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, Անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։
11 Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը Ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան։
12 Մեղաւորը արդարին դէմ դաւ կը լարէ Ու անոր վրայ ակռաները կը կրճտէ։
13 Տէրը ծաղր պիտի ընէ զանիկա, Վասն զի անոր օրը հասնելու վրայ կը տեսնէ։
14 Մեղաւորները թուր քաշեցին Ու աղեղնին լարեցին՝ Աղքատն ու տնանկը վար ձգելու համար, Շիտակ ճամբու մէջ քալողները՝ ՝ սպաննելու համար։
15 Անոնց թուրը իրենց սիրտը պիտի մտնէ Ու անոնց աղեղները պիտի կոտրտին։
16 Արդարին քիչ բանը Ամբարիշտներու առատ ստացուածքէն աղէկ է։
17 Վասն զի ամբարիշտներուն բազուկները պիտի կոտրուին, Բայց արդարներուն ապաւէնը Տէրն է։
18 Տէրը արդարներուն օրերը գիտէ Եւ անոնց ժառանգութիւնը յաւիտենական պիտի ըլլայ.
19 Փորձանքի ժամանակ պիտի չամչնան Ու սովի օրերը պիտի կշտանան։
20 Բայց ամբարիշտները պիտի կորսուին Ու Տէրոջը թշնամիները գառնուկներու ճարպին պէս պիտի սպառին, Մուխի պէս պիտի ցնդին։
21 Ամբարիշտը փոխ կ’առնէ ու չի վճարեր. Սակայն արդարը կ’ողորմի ու կու տայ։
22 Վասն զի անոր օրհնածները պիտի ժառանգեն երկիրը, Բայց անկէ անիծուածները պիտի կորսուին։
23 Բարի մարդուն քայլերը Տէրոջմէ կը հաստատուին Ու Անիկա անոր ճամբուն կը հաւնի։
24 Թէեւ իյնայ, պիտի չկործանի, Վասն զի Տէրը անոր ձեռքը պիտի բռնէ։
25 Տղայ էի ու ծերացայ, Բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, Կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող։
26 Ամէն օր կ’ողորմի ու փոխ կու տայ Եւ անոր սերունդը օրհնուած է։
27 Չարութենէ ետ կեցի՛ր ու բարութիւն ըրէ՛ Եւ յաւիտեան պիտի մնաս.
28 Վասն զի Տէրը կը սիրէ իրաւունքը Եւ իր սուրբերը երեսէ չի ձգեր. Յաւիտեան կը պահուին անոնք, Բայց ամբարիշտներուն սերունդը պիտի կորսուի։
29 Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը Ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին։
30 Արդարին բերանը իմաստութեամբ կը խօսի Ու անոր լեզուն իրաւունքը կը յայտնէ։
31 Իր Աստուծոյն օրէնքը իր սրտին մէջ է Եւ անոր քայլերը պիտի չսահին։
32 Մեղաւորը արդարը կը դիտէ Եւ զանիկա մեռցնելու ետեւէ կ’ըլլայ։
33 Տէրը չարին ձեռքը պիտի չձգէ զանիկա Եւ անոր դատաստանը տեսնուած ատեն պիտի չդատապարտէ զանիկա։
34 Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր ճամբան պահէ՛ Եւ անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէս զի երկիրը ժառանգես։ Ամբարիշտներուն սատակումը պիտի տեսնես։
35 Ամբարիշտը զօրացած տեսայ Ու իր տեղը կեցող կանանչ ծառի մը պէս տարածուած,
36 Բայց ան անցաւ ու ահա չկայ։ Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։
37 Արդարը տե՛ս եւ ուղիղին նայէ՛. Վասն զի խաղաղարար մարդը բարի վախճան պիտի ունենայ,
38 Իսկ անօրէնները մէկտեղ պիտի կորսուին։ Ամբարիշտներուն վախճանը կորուստ պիտի ըլլայ,
39 Բայց արդարներուն փրկութիւնը Տէրոջմէն է, Նեղութեան ժամանակ ինք անոնց ապաւէնն է։
40 Տէրը պիտի օգնէ անոնց եւ պիտի ազատէ զանոնք, Ամբարիշտներէն պիտի ազատէ Ու պիտի փրկէ զանոնք, վասն զի իրեն կը յուսան։