ՍԱՂՄՈՍ 81

Ցնծացէ՛ք Աստուծոյ առջեւ, որ մեր զօրութիւնն է, Ուրախութեա՛մբ աղաղակեցէք Յակոբին Աստուծոյն։
2 Սաղմոս ըսէ՛ք ու թմբուկ զարկէ՛ք Նաեւ անոյշ քնարը՝ տաւիղին հետ։
3 Փո՛ղ հնչեցուցէք ամսագլխուն, Նաեւ լուսնի լրման ատենը՝ ՝, մեր տօնին օրը։
4 Վասն զի ասիկա Իսրայէլի կանոնն է, Յակոբին Աստուծոյն հրամանն է։
5 Ինք վկայութիւն դրաւ ասիկա Յովսէփին մէջ, Եգիպտոսի երկրին վրայ յարձակած ատեն, Ուր լեզու մը լսեց, որ չէր գիտեր.
6 «Քու թիկունքդ հեռացուցի բեռէն. Քու ձեռքերդ հանգչեցան կողովէն։
7 Նեղութեան մէջ կանչեցիր ու քեզ փրկեցի։ Պատասխան տուի քեզի որոտման մէջ գաղտնի տեղերէս։ Փորձեցի քեզ Մերիպայի ջուրին քով։ (Սէլա։)
8 Լսէ՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս ու վկայեմ քեզի. Ո՛վ Իսրայէլ, ինծի մտիկ ըրէ՛,
9 Օտար Աստուած թող չըլլայ քու մէջդ Ու օտար Աստուծոյ երկրպագութիւն մի՛ ըներ։
10 Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, Որ հանեցի քեզ Եգիպտոսի երկրէն։ Լայն բաց քու բերանդ Ու զանիկա ես պիտի լեցնեմ։
11 Բայց իմ ժողովուրդս մտիկ չըրաւ իմ ձայնիս Ու Իսրայէլ զիս չուզեց։
12 Ուստի զանոնք իրենց սրտին կամակորութեանը թողուցի, Որպէս զի իրենց խորհուրդներուն համեմատ քալեն։
13 Երանի՜ թէ իմ ժողովուրդս ինծի մտիկ ընէր Ու Իսրայէլ իմ ճամբաներուս մէջ քալէր։
14 Շուտով պիտի խոնարհեցնէի անոնց թշնամիները Ու ձեռքս պիտի դարձնէի անոնց նեղիչներուն դէմ։
15 Տէրը ատողները խոնարհութիւն պիտի ընէին իրեն Ու անոնց ժամանակը յաւիտեան պիտի ըլլար։
16 Ան պիտի կերակրէր ձեզ պարարտ ցորենով Ու վէմէն վազած մեղրով ձեզ պիտի կշտացնէր»։