ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 120
Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը աղաղակեցի Ու անիկա ինծի պատասխան տուաւ։
2 Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս սուտ շրթունքներէն Ու նենգաւոր լեզուէն։
3 Ո՛վ նենգաւոր լեզու, քեզի ի՞նչ պիտի տրուի Եւ քեզի ի՞նչ պիտի աւելցուի՝ ՝.
4 Զօրաւոր մարդուն սուր նետերը Ու գիհիին կայծերը։
5 Վա՜յ ինծի, որ Մոսոքի մէջ պանդուխտ եղայ Եւ Կեդարի վրաններուն քովերը բնակեցայ։
6 Շատ ժամանակ իմ անձս բնակեցաւ Խաղաղութիւնը ատողներուն հետ։
7 Ես խաղաղասէր էի. Բայց երբ կը խօսէի, անոնք կռիւ կ’ընէին։