ՍԱՂՄՈՍ 15

Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ, Ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լերանդ վրայ։
2 Ան որ անմեղութեամբ կը քալէ ու արդարութիւն կ’ընէ Եւ ճշմարտութիւն կը խօսի իր սրտէն։
3 Ան որ լեզուովը չի զրպարտեր, Ընկերին չարութիւն չ’ըներ, Եւ իր դրացիին վրայ նախատինք չի դներ.
4 Որուն առջեւ անարգուած է չարագործը, Բայց աստուածավախները կը պատուէ. Երդում կ’ընէ իր վնասին ու չի դառնար.
5 Իր արծաթը վարձքով չի տար Ու անմեղին դէմ կաշառք չ’առներ։ Ով որ ասոնք կ’ընէ, յաւիտեան պիտի չսասանի։