ՍԱՂՄՈՍ 137

Բաբելոնի գետերուն քով՝ Հո՛ն կը նստէինք Ու Սիօնը մտքերնիս բերելով կու լայինք։
2 Անոր մէջ՝ ուռիներուն վրայ Կախեցինք մեր քնարները.
3 Վասն զի մեզ գերի ընողները Հոն մեզմէ երգ մը խնդրեցին Ու մեր կողոպտիչները ուրախութիւն, Ըսելով. «Երգեցէ՛ք մեզի Սիօնի երգերէն»։
4 Տէրոջը երգը ի՛նչպէս երգենք Օտար երկրի մէջ։
5 Ո՛վ Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ, Թո՛ղ իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը մոռնայ.
6 Թո՛ղ իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի, Եթէ քեզ չյիշեմ, Եթէ Երուսաղէմը իմ գլխաւոր ուրախութենէս Աւելի մեծ չհամարեմ։
7 Յիշէ՛, ո՛վ Տէր, Եդովմի որդիները Երուսաղէմի օրուանը մէջ, Որոնք կ’ըսէին. «Փլցուցէ՛ք, փլցուցէ՛ք Մինչեւ անոր հիմը»։
8 Ո՛վ Բաբելոնի աւերող աղջիկ, Երանի՜ անոր՝ որ քեզի կը հատուցանէ Մեզի ըրած գործերուդ փոխարէնը։
9 Երանի՜ անոր՝ որ քու զաւակներդ կը բռնէ Ու քարի կը զարնէ։