ՍԱՂՄՈՍ 31

Ո՛վ Տէր, քեզի յուսացի, Յաւիտեան պիտի չամչնամ. Քու արդարութիւնովդ զիս ազատէ։
2 Քու ականջդ ինծի խոնարհեցուր, Շուտով զիս ազատէ։ Ինծի ամրութեան վէմ մը եղիր Եւ զիս ապրեցնելու համար՝ ապաստանի տուն մը։
3 Վասն զի իմ Վէմս ու բերդս դուն ես Եւ քու անուանդ համար ինծի առաջնորդէ ու զիս կառավարէ։
4 Որոգայթէն զիս հանէ, որ ինծի համար գաղտուկ լարած են։ Վասն զի իմ զօրութիւնս դուն ես։
5 Իմ հոգիս քու ձեռքդ կը յանձնեմ։ Ո՜հ Եհովա՝ Աստուա՛ծ ճշմարտութեան՝ դուն զիս փրկեցիր։
6 Սնոտի ունայնութիւններ պահողները ատեցիր, Բայց ես Տէրոջը յուսացի։
7 Քու ողորմութիւնովդ պիտի ցնծամ եւ ուրախ ըլլամ. Վասն զի իմ թշուառութիւնս տեսար Ու իմ տառապանքներս գիտցար։
8 Զիս թշնամիին ձեռքը չմատնեցիր, Հապա իմ ոտքերս լայնարձակ տեղ մը կանգնեցուցիր։
9 Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, վասն զի նեղութեան մէջ եմ. Սրտնեղութենէ մաշեցան իմ աչքս, իմ անձս ու իմ մարմինս։
10 Վասն զի իմ կեանքս՝ տրտմութենէ Ու տարիներս հառաչանք ընելէ սպառեցան. Իմ ոյժս թշուառութենէս տկարացաւ, Ոսկորներս ալ մաշեցան։
11 Իմ բոլոր թշնամիներուս, մանաւանդ դրացիներուս առջեւ նախատուեցայ Ու իմ ծանօթներուս երկիւղ եղայ. Զիս դուրսը տեսնողները ինծմէ կը փախչէին։
12 Մեռածի պէս սրտէ մոռցուեցայ, Կորսուած ամանի նմանեցայ։
13 Շատերու բամբասանքը լսեցի։ Չորս կողմս վախ կար։ Երբ անոնք ինծի համար մէկտեղ հաւաքուեցան, Խորհուրդ կ’ընէին, որ հոգիս առնեն։
14 Բայց ես քեզի՛ յուսացի, ո՛վ Տէր. Ըսի թէ՝ «Դուն ես իմ Աստուածս».
15 Իմ ժամանակներս քու ձեռքդ են. Փրկէ՛ զիս թշնամիներուս ձեռքէն ու զիս հալածողներէն։
16 Քու ծառայիդ վրայ երեսդ փայլեցուր, Քու ողորմութիւնովդ զիս փրկէ։
17 Ո՛վ Տէր, չամչնամ, Վասն զի քեզի կանչեցի։ Ամբարիշտները թող ամչնան Ու գերեզմանին մէջ թող լուռ կենան։
18 Թող պապանձին ստախօս շրթունքները, Որոնք հպարտութեամբ եւ նախատինքով Ամբարտաւանութիւն կը խօսին արդարին դէմ։
19 Ո՜րչափ մեծ է քու բարութիւնդ Որ քեզմէ վախցողներուն համար պահեցիր Ու քեզի յուսացողներուն համար ըրիր՝ Մարդոց որդիներուն առջեւ։
20 Զանոնք քու երեսիդ ծածկոցովը պիտի ծածկես, Մարդոց դաւաճանութիւններէն. Խորանի մէջ պիտի ծածկես զանոնք Լեզուներուն հակառակութենէն։
21 Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը, Վասն զի իր զարմանալի ողորմութիւնը ցուցուց ինծի Պարսպաւոր քաղաքի մէջ։
22 Իմ շփոթութեանս մէջ ըսի թէ՝ «Ես քու աչքերէդ ինկայ». Սակայն դուն իմ աղօթքիս ձայնը լսեցիր, Երբ քեզի աղաղակեցի։
23 Տէ՛րը սիրեցէք, ո՛վ անոր բոլոր սուրբեր, Վասն զի Տէրը հաւատացեալները կը պահէ Ու ամբարտաւանութիւն ընողներուն առատօրէն հատուցում կ’ընէ։
24 Կտրի՛ճ եղէք ու ձեր սիրտը թող զօրանայ, Դուք ամէնքդ, որ Տէրոջը կը յուսաք։