ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 64
Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ ձայնս իմ գանգատելու ատենս. Թշնամիին վախէն իմ կեանքս պահպանէ։
2 Ծածկէ զիս չարերու ժողովէն, Անօրէնութիւն գործողներուն բազմութենէն,
3 Որոնք իրենց լեզուները թուրի պէս կը սրեն, Որոնք նետերու պէս լեղի խօսքեր կը գործածեն,
4 Գաղտուկ տեղէն անմեղին նետելու համար. Յանկարծակի անոր կը նետեն ու չեն վախնար։
5 Իրենց չար նպատակները ամուր կը պահեն։ Գաղտնի որոգայթներ դնելու մասին կը խօսին եւ Կ’ըսեն. «Զանոնք ո՞վ պիտի տեսնէ»։
6 Անօրէնութիւն կը փնտռեն, Կ’ըսեն թէ «Կատարեցինք մեր ծրագրածը»։ Մարդուն միտքը եւ սիրտը խորունկ է,
7 Բայց Աստուած զանոնք պիտի զարնէ նետով։ Անոնք յանկարծ պիտի վիրաւորուին։
8 Իրենց լեզուներուն պատճառով պիտի աւերուին։ Բոլոր զանոնք տեսնողները գլուխ պիտի շարժեն։
9 Բոլոր մարդիկ պիտի վախնան. Աստուծոյ գործը պիտի պատմեն Ու անոր ըրածին ուշադրութեամբ պիտի նային։
10 Արդարը Տէրոջմով պիտի ուրախանայ եւ անոր պիտի յուսայ Եւ ամէն ուղիղ սրտով եղող անով պիտի պարծի։