ՍԱՂՄՈՍ 18

Ո՛վ Տէր, իմ զօրութի՛ւնս, քեզ պիտի սիրեմ։
2 Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է։ Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ, Անիկա իմ վահանս ու իմ փրկութեանս եղջիւրը Ու իմ բարձր աշտարակս է։
3 Օրհնեալ Տէրը կը կանչեմ Ու իմ թշնամիներէս կ’ազատիմ։
4 Մահուան լարերը իմ բոլորտիքս առին Ու անօրէնութեան հեղեղները զիս վախցուցին։
5 Գերեզմանին լարերը զիս պաշարեցին Ու մահուան որոգայթները իմ առջեւս առին։
6 Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը կանչեցի Ու իմ Աստուծոյս աղաղակեցի. Անիկա իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց Ու իմ աղաղակս անոր առջեւ՝ անոր ականջը հասաւ։
7 Այն ատեն երկիր սասանեցաւ ու դողաց Ու լեռներուն հիմերը շարժեցան ուսասանեցան, Քանզի անիկա բարկացաւ։
8 Անոր քթէն ծուխ ելաւ Ու բերնէն՝ մաշող կրակ, Անկէ կայծակներ բռնկեցան։
9 Անիկա երկինքը խոնարհեցուց ու իջաւ, Անոր ոտքերուն տակ մառախուղ կար։
10 Քերովբէի մը վրայ ելաւ ու թռաւ Ու հովին թեւերուն վրայ սլացաւ։
11 Խաւարը իրեն ծածկոյթ ըրաւ Ու իր բոլորտիքը՝ իրեն բնակարան, Թանձր ջուրերը ու երկնքի ամպերը ըրաւ։
12 Անոր պայծառութենէն ամպերը անցան Կարկուտով ու կրակի կայծակներով։
13 Տէրը երկնքին մէջ որոտաց Եւ Բարձրեալը իր ձայնը լսել տուաւ Կարկուտով ու կրակի կայծակներով։
14 Իր նետերը ղրկեց ու զանոնք ցրուեց Եւ շատ կայծակներ ղրկեց ու զանոնք խռովեցուց։
15 Քու յանդիմանութիւնովդ, ո՛վ Տէր, Քու բարկութեանդ հովին փչելովը Ջուրերուն յատակները երեւցան Ու աշխարհի հիմերը յայտնուեցան։
16 Բարձրէն ղրկեց ու զիս բռնեց Եւ շատ ջուրերէն զիս հանեց։
17 Իմ զօրեղ թշնամիէս ու զիս ատողներէն ազատեց զիս. Թէեւ ինծմէ զօրաւոր էին։
18 Իմ նեղութեանս օրը իմ առջեւս առին, Բայց Տէրը ինծի հաստատութեան գաւազան եղաւ
19 Եւ զիս լայնարձակ տեղ մը հանեց Ու զիս ազատեց, վասն զի ինծի հաւնեցաւ։
20 Տէրը իմ արդարութեանս փոխարէն կը հատուցանէ, Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ հատուցում կ’ընէ ինծի.
21 Վասն զի Տէրոջը ճամբաները պահեցի Ու իմ Աստուծոյս դէմ ամբարշտութիւն չըրի։
22 Քանզի անոր բոլոր դատաստանները իմ առջեւս էին Ու անոր օրէնքները ինծմէ չհեռացուցի։
23 Նաեւ անոր առջեւ կատարեալ եղայ Ու անօրէնութենէ զգուշացայ։
24 Տէրը ինծի հատուցում ըրաւ իմ արդարութեանս համեմատ, Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ՝ որ անոր աչքերուն առջեւ է։
25 Ողորմածին հետ ողորմած կ’ըլլաս, Կատարեալ մարդուն հետ կատարեալ կ’ըլլաս.
26 Մաքուրին հետ մաքուր կ’ըլլաս Ու ծուռին հետ կը ծռիս։
27 Վասն զի դուն վշտացած ժողովուրդը կ’ազատես Ու ամբարտաւան աչքերը կը ցածցնես։
28 Քանզի դուն իմ ճրագս կը վառես։ Իմ Տէր Աստուածս իմ խաւարս կը լուսաւորէ։
29 Քանզի քեզմով գունդի մը վրայ կ’արշաւեմ Ու իմ Աստուծմովս պարիսպէ կ’անցնիմ։
30 Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է Տէրոջը խօսքերը փորձուած են։ Անիկա ամէն իրեն յուսացողներուն ասպար է։
31 Քանզի Տէրոջմէն զատ ո՞վ է Աստուած, Կամ մեր Աստուծմէն զատ ո՞վ է վէմ։
32 Աստուած է որ ինծի զօրութիւն կը հագցնէ Ու իմ ճամբաս կատարեալ կ’ընէ։
33 Իմ ոտքերս եղջերուի ոտքերուն պէս կ’ընէ Ու իմ բարձր տեղերուս վրայ զիս կը կայնեցնէ։
34 Ձեռքերս պատերազմի կը վարժեցնէ Ու իմ բազուկներս պղնձէ աղեղ կը լարեն՝ ՝։
35 Ինծի քու փրկութեանդ ասպարը տուիր. Եւ քու աջ ձեռքդ զիս զօրացուց Ու քու քաղցրութիւնդ զիս մեծցուց։
36 Քալելու համար ճամբաս ներքեւս լայնցուցիր Ու իմ ոտքիս յօդուածները չսասանեցան։
37 Իմ թշնամիներս հալածեցի ու անոնց հասայ Ու ետ չդարձայ՝ մինչեւ որ զանոնք հատցուցի.
38 Զանոնք գետինը զարկի ու կանգնելու կարող չեղան։ Անոնք իմ ոտքերուս տակ ինկան։
39 Պատերազմի համար ինծի զօրութիւն հագցուցիր, Իմ վրաս ելլողները տակս ձգեցիր։
40 Իմ թշնամիներուս կռնակը ինծի դարձնել տուիր՝ ՝, Որպէս զի զիս ատողները ջարդեմ։
41 Աղաղակեցին, բայց ազատող չկար։ Տէրոջը աղաղակեցին, բայց անոնց պատասխան չտուաւ։
42 Ու զանոնք հովին առջեւէն մղուած փոշիի պէս մանրեցի Եւ փողոցներուն ցեխին պէս մէկդի ձգեցի զանոնք։
43 Ժողովուրդին կռիւներէն զիս ազատեցիր Ու զիս ազգերու գլուխ ըրիր։ Ժողովուրդը, որ չէի ճանչնար, ինծի ծառայեց։
44 Իրենց ականջներով լսածներուն պէս՝ ինծի հնազանդեցան. Օտարները ինծի խոնարհութիւն ըրին՝ ՝։
45 Օտարները տկարացան Եւ իրենց պահուըտած տեղերէն դողացին։
46 Տէրը կենդանի է։ Իմ Վէմս օրհնեալ ըլլայ Եւ իմ փրկութեանս Աստուածը բարձր ըլլայ։
47 Աստուած է, որ իմ վրէժս կը լուծէ Ու ժողովուրդները ինծի կը հնազանդեցնէ։
48 Իմ թշնամիներէս զիս կը փրկէ. Նաեւ զիս իմ հակառակորդներէս աւելի բարձրացուցիր Ու բռնաւոր մարդէն զիս ազատեցիր։
49 Անոր համար, ո՛վ Տէր, ազգերուն մէջ քեզ պիտի գովեմ։ Ես քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ։
50 Իր թագաւորին փրկութիւնները մեծցնողը Ու իր օծեալին՝ Դաւիթին ու անոր սերունդին Յաւիտեան ողորմութիւն ընողը՝ Ա՛ն է։