ՍԱՂՄՈՍ 143

Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս, Ակա՛նջ դիր իմ աղաչանքիս, Պատասխան տուր ինծի քու ճշմարտութիւնովդ Ու քու արդարութիւնովդ։
2 Քու ծառայիդ հետ դատաստանի մի՛ մտներ, Վասն զի բնաւ կենդանի մը պիտի չարդարանայ քու առջեւդ։
3 Վասն զի թշնամին իմ անձս հալածեց, Իմ կեանքս գետինը զարկաւ, Զիս շատոնց մեռածներուն պէս Մութը նստեցուց։
4 Իմ հոգիս ներսիդիս մարեցաւ, Իմ սիրտս ներսիդիս խռովեցաւ։
5 Նախկին օրերը կը յիշեմ, Քու բոլոր գործերուդ վրայ կը մտածեմ, Քու ձեռքերուդ ըրածներուն վրայ կը խորհիմ։
6 Ձեռքերս դէպի քեզ կ’երկնցնեմ։ Իմ անձս չոր երկրի պէս քեզի կը ծարաւի։ (Սէլա։)
7 Շուտով պատասխան տուր ինծի, ո՛վ Տէր. Իմ հոգիս մարեցաւ. Քու երեսդ մի՛ ծածկեր ինծմէ, Որպէս զի գուբը իջնողներուն պէս չըլլամ։
8 Առտուն քու ողորմութիւնդ ինծի լսել տուր, Վասն զի քեզի յուսացի։ Իմ երթալու ճամբաս ինծի ցուցուր, Վասն զի իմ անձս դէպի քեզ վերցուցի։
9 Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ զիս իմ թշնամիներէս, Վասն զի քեզ իմ ապաւէնս ըրի։
10 Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ, Քանզի դուն ես իմ Աստուածս. Թող քու բարի Հոգիդ զիս ուղիղ երկիրը առաջնորդէ։
11 Ո՛վ Տէր, քու անուանդ համար կենդանացո՛ւր զիս, Քու արդարութեանդ համար իմ անձս նեղութենէ հանէ՛.
12 Քու ողորմութիւնովդ սատկեցուր իմ թշնամիներս Ու կորսնցուր բոլոր իմ անձս վշտացնողները, Վասն զի ես քու ծառադ եմ։