ՍԱՂՄՈՍ 111

Ալէլուիա՜։ Բոլոր սրտով Տէրը պիտի գովեմ Ուղիղներուն ժողովին ու ժողովուրդին մէջ։
2 Տէրոջը գործերը մեծ են։ Անոնք բոլոր սիրողներէն կը քննուին։
3 Անոր գործը փառաւոր ու վայելուչ է Եւ անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ։
4 Յիշել տուաւ իր հրաշքները։ Տէրը ողորմած ու գթած է։
5 Կերակուր տուաւ իրմէ վախցողներուն։ Իր ուխտը յաւիտեան պիտի յիշէ։
6 Իր գործերուն զօրութիւնը ցուցուց իր ժողովուրդին, Անոնց տալով ազգերուն ժառանգութիւնը։
7 Ճշմարտութիւնն ու իրաւունքը անոր ձեռքերուն գործերն են, Անոր բոլոր պատուիրանքները հաւատարիմ են։
8 Յաւիտեանս յաւիտենից հաստատուած են, Ճշմարտութեամբ եւ ուղղութեամբ եղած են։
9 Փրկութիւն ղրկեց իր ժողովուրդին, Իր ուխտը յաւիտեանս պահել պատուիրեց։ Սուրբ ու ահաւոր է անոր անունը։
10 Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է. Լաւ հասկացողութիւն ունին անոնք, որ զանոնք կը կատարեն. Անոր օրհնութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։