ՍԱՂՄՈՍ 70

Ո՛վ Աստուած, զիս փրկելու կամք ըրէ. Ո՛վ Տէր, ինծի օգնելու արտորցիր։
2 Թող ամչնան ու խայտառակ ըլլան Իմ անձս փնտռողները։ Ետ դառնան ու ամօթով ըլլան Ինծի չարիք ուզողները։
3 Թող ամչնալով ետ դառնան Անոնք որ ինծի «Վա՛շ, վա՛շ» կ’ըսեն։
4 Ամէն քեզ փնտռող Քեզմով թող ցնծայ եւ ուրախանայ Եւ քու փրկութիւնդ սիրողները Ամէն ժամանակ թող ըսեն. «Աստուած թո՛ղ մեծնայ»։
5 Բայց ես աղքատ ու տնանկ եմ, Ո՛վ Աստուած, շուտով հասի՛ր ինծի։ Իմ օգնականս ու փրկիչս դուն ես, Ո՛վ Տէր, մի՛ ուշանար։