ՍԱՂՄՈՍ 103

Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը Ու այն ամէնը, որ իմ ներսիդիս է՝ անոր սուրբ անունը։
2 Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը Եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար։
3 Որ կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւններդ Ու կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութիւններդ,
4 Որ կը փրկէ քու կեանքդ ապականութենէ Եւ կը պսակէ քեզ ողորմութիւնով ու գթութիւնով.
5 Որ կը լեցնէ քու ծերութիւնդ բարութիւնով Ու քու մանկութիւնդ արծիւի պէս կը նորոգուի։
6 Տէրը արդարութիւն ու իրաւունք կ’ընէ Բոլոր զրկուածներուն.
7 Անիկա իր ճամբաները Մովսէսին ճանչցուց Ու իր գործերը՝ Իսրայէլի որդիներուն։
8 Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը, Երկայնամիտ ու առատ՝ ողորմութիւնով։
9 Անիկա մինչեւ վերջը չի հակառակիր Եւ յաւիտեանս ոխ չի պահեր։
10 Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի Ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի։
11 Հապա որչափ որ երկինքը երկրէն բարձր է, Այնչափ իր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է։
12 Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, Այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։
13 Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, Այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։
14 Վասն զի ան գիտէ մեր կազմուածքը, Կը յիշէ թէ մենք հող ենք։
15 Մարդուն օրերը խոտի պէս են, Դաշտի ծաղիկի պէս կը ծաղկին։
16 Վասն զի հովը անոր վրայէն կ’անցնի ու ան կ’ոչնչանայ Եւ ա՛լ անոր տեղը չի ճանչնար զանիկա։
17 Բայց Տէրոջը ողորմութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից իրմէ վախցողներուն վրայ է Ու անոր արդարութիւնը՝ որդիներուն որդիներուն վրայ.
18 Անոնց վրայ է՝ որոնք կը պահեն անոր ուխտը Եւ կը յիշեն անոր պատուիրանքները եւ կը կատարեն։
19 Տէրը իր աթոռը երկնքի մէջ հաստատեց։ Անոր թագաւորութիւնը ամենուն վրայ կը տիրէ։
20 Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ հրեշտակներ, որ ուժով զօրաւոր էք, Որ անոր խօսքին ձայնը լսելով՝ իր հրամանը կը կատարէք։
21 Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ անոր բոլոր զօրքեր, Անոր կամքը կատարող պաշտօնեաներ։
22 Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ անոր բոլոր գործեր, Անոր տէրութեանը ամէն տեղերուն մէջ. Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։