ՍԱՂՄՈՍ 79

Ո՛վ Աստուած, հեթանոսները քու ժառանգութեանդ մէջ մտան, Քու սուրբ տաճարդ պղծեցին, Երուսաղէմը աւերակներու դարձուցին։
2 Քու ծառաներուդ դիակները Երկնքի թռչուններուն կերակուր տուին, Քու սուրբերուդ մարմինը՝ երկրի գազաններուն։
3 Անոնց արիւնը ջուրի պէս թափեցին Երուսաղէմի շուրջը Ու մէկը չկար որ զանոնք թաղէր։
4 Մեր դրացիներուն նախատինք եղանք, Ծաղր ու ծանակ՝ մեր շուրջը եղողներուն։
5 Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր, միշտ պիտի բարկանա՞ս. Քու նախանձդ կրակի պէս պիտի բորբոքի՞։
6 Թափէ՛ քու բարկութիւնդ այն ազգերուն վրայ, Որոնք քեզ չեն ճանչնար Ու այն թագաւորութիւններուն վրայ, Որոնք քու անունդ չեն կանչեր։
7 Վասն զի Յակոբը կերան Ու անոր բնակութիւնը աւերակ դարձուցին։
8 Մի՛ յիշեր մեր առաջուան անօրէնութիւնները. Թող շուտով հասնին մեզի քու ողորմութիւններդ, Վասն զի խիստ թշուառացանք։
9 Քու անուանդ փառքին համար Օգնէ՛ մեզի, ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը։ Քու անուանդ համար փրկէ՛ մեզ Ու մեր մեղքերը քաւէ՛։
10 Ինչո՞ւ ըսեն հեթանոսները. «Ո՞ւր է անոնց Աստուածը»։ Թող քու ծառաներուդ թափուած արեան վրէժը Մեր աչքերուն առջեւ յայտնուի հեթանոսներուն մէջ։
11 Կապուածին հառաչանքը քու առջեւդ թո՛ղ ելլէ։ Քու զօրութեանդ մեծութիւնովը, Մահուան մատնուածները ապրեցո՛ւր
12 Ու եօթնապատիկ հատուցում ըրէ՛ մեր դրացիներուն իրենց ծոցին մէջ Այն նախատինքին փոխարէն, որով քեզ անարգեցին, ո՛վ Տէր։
13 Բայց մենք քու ժողովուրդդ ու քու արօտիդ ոչխարները, Յաւիտեան քեզ պիտի գովենք Ու քու փառքդ պիտի պատմենք սերունդէ սերունդ։