ՍԱՂՄՈՍ 128

Երանի՜ այն ամենուն՝ որոնք Տէրոջմէ կը վախնան Ու անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն։
2 Վասն զի քու ձեռքիդ աշխատութիւնը պիտի ուտես. Երանի՜ է քեզի ու քեզի լաւ պիտի ըլլայ։
3 Քու կինդ պտղաբեր որթատունկի մը պէս պիտի ըլլայ Քու տունէդ ներս Ու քու որդիներդ ձիթենիի տունկերու պէս պիտի ըլլան Քու սեղանիդ չորս կողմը։
4 Ահա Տէրոջմէն վախցող մարդը Այսպէ՛ս պիտի օրհնուի։
5 Տէրը քեզ Սիօնէն օրհնէ Ու Երուսաղէմին բարութիւնը տեսնես Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ
6 Եւ քու որդիներուդ որդիները տեսնես։ Խաղաղութիւն ըլլայ Իսրայէլի վրայ։