ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 148
Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկնքէն. Օրհնեցէ՛ք զանիկա բարձր տեղերուն մէջ։
2 Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ անոր բոլոր հրեշտակներ, Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ անոր բոլոր զօրքեր։
3 Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ արեգակ ու լուսին. Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ բոլոր փայլուն աստղեր։
4 Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ երկինք. Ու երկնքէն վեր եղող ջուրերը
5 Թող Տէրոջը անունը օրհնեն. Վասն զի ինք հրամայեց ու անոնք ստեղծուեցան։
6 Զանոնք յաւիտեանս յաւիտենից հաստատեց, Կանոն դրաւ որը չի խափանուիր։
7 Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկրէն, Ո՛վ վիշապներ ու բոլոր անդունդներ։
8 Կրակ եւ կարկուտ, ձիւն ու շոգի Եւ անոր խօսքը կատարող մրրկալից հով,
9 Լեռներ ու բոլոր բլուրներ, Պտղատու ծառեր ու եղեւիններ,
10 Գազաններ ու բոլոր անասուններ, Սողացողներ ու թեւաւոր թռչուններ,
11 Երկրի թագաւորներ եւ բոլոր ազգեր, Իշխաններ ու երկրի բոլոր դատաւորներ,
12 Երիտասարդներ եւ կոյս աղջիկներ, Ծերեր ու տղաքներ։
13 Բոլորը թող Տէրոջը անունը օրհնեն, Վասն զի միայն անոր անունը բարձր է, Անոր փառքը երկրէն ու երկնքէն վեր է։
14 Անիկա բարձրացուց իր ժողովուրդին եղջիւրը, Իր բոլոր սուրբերուն, Իրեն մօտ եղող ժողովուրդին, Իսրայէլի որդիներուն օրհնութիւնը։ Ալէլուիա՜։