ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 2
Ինչո՞ւ հեթանոսները խռովութիւն կ’ընեն Ու ժողովուրդները պարապ բան կը մտածեն,
2 Երկրի թագաւորները ինքզինքնին կը հաստատեն Ու իշխանները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն Տէրոջը դէմ ու անոր Օծեալին դէմ,
3 Ըսելով. «Կոտրե՛նք անոնց կապերը, Ու մեզմէ ձգե՛նք անոնց լուծը»։
4 Երկինքը բնակողը անոնց վրայ պիտի ծիծաղի։ Տէրը ծաղր պիտի ընէ զանոնք։
5 Այն ատեն իր բարկութիւնովը պիտի խօսի անոնց Եւ իր սրտմտութիւնովը պիտի խռովեցնէ զանոնք, ըսելով.
6 «Ե՛ս օծեցի իմ թագաւորս Իմ սուրբ լերանս՝ Սիօնին վրայ»։
7 Հրամանը պիտի պատմեմ։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Դո՛ւն իմ որդիս ես, Ես այսօր քեզ ծնայ։
8 Խնդրէ՛ ինծմէ ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ Ու երկրի ծայրերը քեզի ստացուածք։
9 Զանոնք երկաթէ գաւազանով պիտի կոտրես, Բրուտի ամանի պէս պիտի փշրես զանոնք»։
10 Ուստի հիմա, ո՛վ թագաւորներ, մտքերնիդ առէք, Երկրի՛ դատաւորներ, խրատուեցէ՛ք։
11 Երկիւղով ծառայեցէ՛ք Տէրոջը, Ու դողալով անկէ վախցէ՛ք՝ ՝։
12 Որդին համբուրեցէք՝ որպէս զի չբարկանայ Ու ճամբուն մէջ չկորսուիք, Երբ անոր բարկութիւնը քիչ մը բորբոքի։ Երանի՜ այն ամենուն որոնք անոր կը յուսան։