ՍԱՂՄՈՍ 107

Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
2 Թող այսպէս ըսեն Տէրոջը փրկածները, Որոնք փրկեց թշնամիին ձեռքէն
3 Ու հաւաքեց զանոնք երկիրներէն, Արեւելքէն, արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու ծովէն։
4 Անոնք մոլորեցան անապատին մէջ, անջուր ճամբու մէջ. Բնակելու քաղաք չգտան։
5 Անօթի ու ծարաւ ըլլալով՝ Հոգինին իրենց ներսիդին կը մարէր։
6 Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ Եւ անիկա փրկեց զանոնք իրենց տառապանքներէն
7 Ու զանոնք ուղիղ ճամբու մէջ առաջնորդեց, Մինչեւ որ բնակելու քաղաքը հասան։
8 Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար Ու հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։
9 Վասն զի անիկա ծարաւցած հոգին կը յագեցնէ Ու անօթեցածը բարութիւնով կը լեցնէ։
10 Անոնք խաւարի ու մահուան շուքի մէջ կը նստէին, Տառապանքով ու երկաթով կապուած էին,
11 Վասն զի Աստուծոյ խօսքերուն հակառակ կեցան Ու Բարձրեալին խորհուրդը անարգեցին.
12 Ուստի անիկա ալ նեղութիւնով խոնարհեցուց անոնց սիրտը։ Ինկան ու օգնական մը չկար։
13 Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ Ու զանոնք փրկեց իրենց տառապանքներէն։
14 Զանոնք խաւարէն ու մահուան շուքէն հանեց Ու անոնց կապանքները կոտրտեց։
15 Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։
16 Վասն զի պղնձէ դռները փշրեց Ու երկաթէ նիգերը կոտրեց։
17 Յիմարները իրենց չար ճամբուն համար Ու իրենց անօրէնութիւններուն համար նեղութիւն կը կրեն։
18 Անոնց անձը ամէն կերակուրէ կը զզուի Ու մինչեւ մահուան դռներուն կը մօտենան։
19 Տէրոջը կ’աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն։
20 Իր խօսքը կը ղրկէ ու կը բժշկէ զանոնք Ու կ’ազատէ զանոնք իրենց կործանումէն։
21 Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։
22 Գոհութեան պատարագներ թող մատուցանեն Ու անոր գործերը ցնծութեամբ պատմեն։
23 Նաւերով ծովը իջնողները Ու մեծ ջուրերու մէջ գործ գործողները,
24 Անոնք Տէրոջը գործերը Ու անոր հրաշքները կը տեսնեն անդունդին մէջ։
25 Վասն զի ան կ’ըսէ ու մրրկալից հովը կը հանէ, Որ անոր ալիքները բարձրացնէ։
26 Երկինք կ’ելլեն ու անդունդը կ’իջնեն։ Անոնց անձերը նեղութենէ կը հալին,
27 Գինով մարդու պէս կը դողդղան ու կ’երերան Եւ անոնց բոլոր իմաստութիւնը կը հատնի։
28 Այն ատեն Տէրոջը կ’աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն։
29 Մրրիկը կը հանդարտեցնէ Ու ալիքները կը դադարին։
30 Իրենք ալ կ’ուրախանան, որ դադարեցան Եւ կ’առաջնորդէ զանոնք իրենց ուզած նաւահանգիստը։
31 Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։
32 Թող բարձրացնեն զանիկա ժողովուրդին մէջ Ու ծերերուն ատեանին մէջ թող գովեն զանիկա։
33 Գետերը անապատներու կը դարձնէ Ու ջուրերուն գնացքները՝ չոր երկրի
34 Ու պտղաբեր երկիրը՝ աղի երկրի, Անոր բնակիչներուն չարութեանը համար։
35 Անապատը ջուրերու լիճի կը փոխէ Ու չոր երկիրը՝ ջուրերու գնացքի
36 Եւ անօթիները հոն կը բնակեցնէ, Որպէս զի բնակելու քաղաք հիմնեն
37 Ու արտեր հերկեն ու ցանեն ու այգիներ տնկեն, Որպէս զի պտուղ բերեն։
38 Զանոնք կ’օրհնէ եւ անոնք խիստ կը բազմանան Ու անոնց անասունները չի պակսեցներ։
39 Նորէն կը պակսին ու կը ցածնան Բռնութենէ, նեղութենէ ու տրտմութենէ։
40 Անարգանք կը թափէ իշխաններուն վրայ Ու զանոնք ճամբայ չունեցող անապատի մէջ կը մոլորեցնէ։
41 Բայց աղքատը խեղճութենէ կը բարձրացնէ Եւ անոր տոհմերը ոչխարներու հօտի պէս կ’ընէ։
42 Ուղիղները պիտի տեսնեն եւ ուրախանան Բայց ամէն անօրէնութիւն իր բերանը պիտի գոցէ։
43 Ո՞վ է իմաստուն՝ որ այս բաները պահէ։ Անիկա Տէրոջը ողորմութիւնները պիտի հասկնայ։