ՍԱՂՄՈՍ 133

Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է Որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին։
2 Այն ազնիւ իւղին պէս է, Որ գլխուն վրայէն մօրուքին վրայ, Ահարոնին մօրուքին վրայ վազեց Ու մինչեւ անոր զգեստներուն ծայրը իջաւ։
3 Սիօնի լեռներուն վրայ իջած Հերմոնի շաղին պէս է, Վասն զի Տէրը հոն հաստատեց օրհնութիւնը Ու կեանքը մինչեւ յաւիտեան։