ՍԱՂՄՈՍ 13

Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ բոլորովին զիս պիտի մոռնաս, Մինչեւ ե՞րբ քու երեսդ ինծմէ պիտի ծածկես։
2 Մինչեւ ե՞րբ մտքիս մէջ հոգեր պիտի ունենամ, Ամէն օր սրտիս մէջ տրտմութիւն ունենալով. Մինչեւ ե՞րբ թշնամիս իմ վրաս պիտի բարձրանայ։
3 Նայէ՛, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս ու պատասխան տուր ինծի. Լուսաւորէ՛ իմ աչքերս, Որպէս զի մահուան քունը չքնանամ։
4 Չըլլայ որ թշնամիս ըսէ թէ՝ «Յաղթեցի անոր», Կամ թէ ինծի դէմ կեցողները խնդան իմ սասանելու ատենս։
5 Ես քու ողորմութեանդ յուսացի, Իմ սիրտս քու փրկութիւնովդ պիտի ցնծայ։
6 Պիտի երգեմ Տէրոջը, Վասն զի ինծի բարերարութիւն ըրաւ։