ՍԱՂՄՈՍ 98

Նոր երգ երգեցէ՛ք Տէրոջը, Վասն զի հրաշքներ ըրաւ, Իր աջ ձեռքը ու սուրբ բազուկը Իրեն փրկութիւն տուին։
2 Տէրը ցուցուց իր փրկութիւնը, Ազգերուն առջեւ յայտնեց իր արդարութիւնը։
3 Յիշեց իր ողորմութիւնը ու իր հաւատարմութիւնը Իսրայէլի տանը համար. Երկրի բոլոր ծայրերը Մեր Աստուծոյն փրկութիւնը տեսան։
4 Ցնծացէ՛ք Տէրոջը առջեւ, ո՜վ բոլոր երկիր. Ուրախութեան ձայնով աղաղակեցէ՛ք ու սաղմոս ըսէ՛ք։
5 Սաղմոս երգեցէ՛ք Տէրոջը՝ քնարով, Քնարով ու սաղմոսի ձայնով,
6 Փողերով ու շեփորի ձայնով, Աղաղակեցէ՛ք Տէր Թագաւորին առջեւ։
7 Թո՛ղ գոռան ծովն ու անոր լիութիւնը, Աշխարհ ու անոր բնակիչները։
8 Գետերը թո՛ղ ծափ զարնեն Ու լեռները մէկտեղ թո՛ղ ցնծան
9 Տէրոջը առջեւ, վասն զի կու գայ երկիրը դատելու։ Անիկա պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով Ու ժողովուրդները՝ ուղղութիւնով։