ՍԱՂՄՈՍ 101

Ողորմութիւնն ու իրաւունքը պիտի երգեմ։ Ո՛վ Տէր, քեզի սաղմոս պիտի ըսեմ։
2 Իմաստութիւնով պիտի քալեմ կատարելութեան ճամբուն մէջ. Ե՞րբ ինծի պիտի գաս։ Իմ տանս մէջ սրտիս կատարելութիւնով պիտի վարուիմ։
3 Աչքերուս առջեւ շատ բան պիտի չդնեմ, Մոլորածներուն գործը կ’ատեմ, Թող անիկա ինծի չփակչի։
4 Ծուռ սիրտը թող զատուի ինծմէ։ Չարը պիտի չճանչնամ։
5 Ան որ ծածուկ կը խօսի իր ընկերին դէմ, պիտի ջնջեմ. Ան որ աչքերով բարձր է ու սրտով ամբարտաւան՝ Անոր պիտի չհամբերեմ։
6 Իմ աչքերս երկրի հաւատարիմներուն վրայ ըլլան, Որպէս զի ինծի հետ բնակին։ Կատարելութեան ճամբուն մէջ քալողը Ինծի ծառայութիւն պիտի ընէ։
7 Նենգաւորը պիտի չբնակի իմ տանս մէջ. Սուտ խօսողը աչքերուս առջեւ պիտի չհաստատուի։
8 Առտուն կանուխ պիտի ջնջեմ երկրին բոլոր ամբարիշտները, Որպէս զի Տէրոջը քաղաքէն բոլոր անօրէնութիւն գործողները կորսնցնեմ։