ՍԱՂՄՈՍ 97

Տէրը կը թագաւորէ, երկիր թո՛ղ ցնծայ. Շատ կղզիներ թո՛ղ ուրախանան։
2 Անոր շուրջը ամպ ու մառախուղ կայ, Արդարութիւնը ու իրաւունքը անոր աթոռին հիմերն են։
3 Անոր առջեւէն կրակ կ’երթայ Ու անոր շուրջի թշնամիները կ’այրէ։
4 Անոր փայլակները աշխարհը կը լուսաւորեն։ Երկիր կը տեսնէ ու կը դողայ։
5 Լեռները մոմի պէս կը հալին Եհովային երեսէն, Բոլոր երկրին Տէրոջը երեսէն։
6 Երկինք կը պատմէ անոր արդարութիւնը Ու բոլոր ժողովուրդները կը տեսնեն անոր փառքը։
7 Թո՛ղ ամչնան այն ամէնքը, որոնք կուռքերուն կը ծառայեն, Որոնք ունայնութիւններով կը պարծենան։ Ո՛վ բոլոր աստուածներ, անոր երկրպագութիւն ըրէ՛ք։
8 Սիօն լսեց եւ ուրախացաւ Եւ Յուդային աղջիկները ցնծացին Քու իրաւունքներուդ համար, ո՛վ Տէր։
9 Վասն զի դո՛ւն, ո՛վ Տէր, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ։ Շատ բարձրացար բոլոր աստուածներուն վրայ։
10 Ո՛վ Տէրը սիրողներ, չարութիւնը ատեցէ՛ք։ Անիկա իր սուրբերուն անձերը կը պահէ, Ամբարիշտներուն ձեռքէն կը փրկէ զանոնք։
11 Արդարին համար լոյս ծագեցաւ Եւ սրտով ուղիղներուն համար՝ ուրախութիւն։
12 Տէրոջմով ուրախացէ՛ք, ո՛վ արդարներ Ու անոր սրբութիւնը յիշելով շնորհակալ եղէք։