ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 66
Ո՛վ բոլոր երկիր, ցնծութիւնով Աստուծոյ աղաղակեցէ՛ք։
2 Սաղմոս երգեցէ՛ք անոր անուանը, Անոր օրհնութիւնը փառաւորեցէ՛ք։
3 Աստուծոյ ըսէք. «Որքա՜ն ահաւոր են քու գործերդ. Քու մեծ զօրութեանդ համար Թշնամիներդ քեզի խոնարհութիւն պիտի ընեն՝ ՝։
4 Ամէն երկիր երկրպագութիւն պիտի ընէ քեզի։ Սաղմոս պիտի երգեն քեզի, Սաղմոս պիտի երգեն քու անուանդ։ (Սէլա։)
5 Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Աստուծոյ ըրածները. Անիկա իր գործովը մարդոց որդիներուն վրայ՝ ՝ ահաւոր է։
6 Ծովը ցամաքի դարձուց, Գետէն ոտքով անցան։ Այն տեղը իրմով ուրախացանք։
7 Իր ուժովը յաւիտեան կը տիրէ. Անոր աչքերը ազգերը կը դիտեն. Ապստամբները իրենց անձերը թող չբարձրացնեն։ (Սէլա։)
8 Ո՛վ ժողովուրդներ, օրհնեցէ՛ք մեր Աստուածը Ու անոր գովութեան ձայնը թող լսուի։
9 Անիկա մեր հոգին կենդանի կը պահէ Ու ոտքերնուս սասանիլ չի տար։
10 Վասն զի դո՛ւն քննեցիր մեզ, ո՛վ Աստուած. Փորձեցիր մեզ, ինչպէս արծաթը կը փորձուի։
11 Մեզ որոգայթի մէջ մտցուցիր, Ծանր բեռ դրիր մեր կռնակին վրայ։
12 Մեր գլուխներուն վրայ մարդիկ հեծցուցիր. Կրակը ու ջուրը մտանք, Սակայն մեզ առատութեան տեղը հանեցիր։
13 Ողջակէզներով պիտի մտնեմ քու տունդ, Պիտի կատարեմ իմ ուխտերս,
14 Որոնք շրթունքներս խոստացան Ու նեղութեանս մէջ բերանս խօսեցաւ։
15 Պարարտ խոյեր իբր ողջակէզ պիտի մատուցանեմ խունկով. Զուարակներ պիտի զոհեմ նոխազներու հետ։ (Սէլա։)
16 Եկէ՛ք, լսեցէ՛ք դուք ամէնքդ, որ Աստուծմէ կը վախնաք Ու պատմեմ ինչ որ ըրաւ իմ անձիս։
17 Բերնովս անոր աղաղակեցի Ու լեզուովս զանիկա բարձրացուցի՝ ՝։
18 Եթէ սրտիս մէջ անօրէնութիւն տեսնէի, Տէրը պիտի չլսէր։
19 Սակայն Աստուած լսեց, Իմ աղօթքիս ձայնին մտիկ ըրաւ։
20 Օրհնեալ ըլլայ Աստուած, որ իմ աղօթքս չմերժեց Ու իր ողորմութիւնը ինծմէ ետ չդարձուց։