ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 136
Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է. Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
2 Գոհացէ՛ք աստուածներուն Աստուծմէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
3 Գոհացէ՛ք տէրերուն Տէրոջմէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
4 Մինակ մեծ հրաշքներ ընողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է,
5 Երկինքը իմաստութեամբ ստեղծողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
6 Երկիրը ջուրերուն վրայ տարածողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
7 Մեծամեծ լուսաւորներ ստեղծողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
8 Արեգակը՝ որպէս զի ցորեկին իշխէ, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
9 Լուսինը ու աստղերը՝ որպէս զի գիշերին իշխեն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
10 Եգիպտացիներու անդրանիկները՝ ՝ զարնողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
11 Ու Իսրայէլը անոնց մէջէն հանողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
12 Հզօր ձեռքով ու տարածուած բազուկով, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
13 Կարմիր ծովը երկուքի բաժնողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
14 Ու Իսրայէլը անոր մէջէն անցընողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
15 Եւ Փարաւոնը ու անոր զօրքը Կարմիր ծովուն մէջ ընկղմողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
16 Իր ժողովուրդը անապատին մէջ պտըտցնողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
17 Մեծ թագաւորներ զարնողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
18 Ու զօրեղ թագաւորներ սպաննողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
19 Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորը, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
20 Ու Բասանի Ովգ թագաւորը, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
21 Եւ անոնց երկիրը ժառանգութիւն տուողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
22 Իր Իսրայէլ ծառային՝ ժառանգութիւն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
23 Մեր խոնարհութեանը մէջ մեզ յիշողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
24 Ու մեր թշնամիներէն մեզ փրկողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
25 Բոլոր մարմիններուն հաց տուողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
26 Գոհացէ՛ք երկնքի Աստուծմէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։