ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 59
Թշնամիներէս զիս փրկէ՛, ո՛վ իմ Աստուածս. Իմ վրաս ելնողներէն զիս պաշտպանէ՛։
2 Անօրէնութիւն գործողներէն զիս ազատէ՛ Ու արիւնահեղ մարդոցմէն զիս փրկէ՛։
3 Վասն զի ահա իմ անձիս համար դարանը մտան, Զօրաւոր մարդիկ իմ վրաս հաւաքուեցան։ Ո՛չ թէ մեղքիս ու յանցանքիս համար, ո՛վ Տէր։
4 Մեղք չունեցած ատենս ալ վրաս վազեցին ու պատրաստուեցան. Արթնցի՛ր, զիս դիմաւորէ՛ եւ նայէ՛։
5 Ո՛վ Տէր Աստուած զօրութեան, Աստուած Իսրայէլի, Արթնցի՛ր եւ բոլոր հեթանոսները քննէ՛։ Չար անօրէններուն բնաւ մի՛ ողորմիր։ (Սէլա։)
6 Անոնք իրիկունը ետ կու գան, Շան պէս կ’ոռնան Ու քաղաքին չորս կողմը կը պտըտին։
7 Ահա իրենց բերնէն չարութիւն դուրս կը թափեն, Անոնց շրթունքներուն վրայ սուրեր կան, Վասն զի կ’ըսեն. «Ո՞վ պիտի լսէ»։
8 Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր, անոնց վրայ պիտի ծիծաղիս։ Բոլոր հեթանոսները ծաղր պիտի ընես։
9 Ո՛վ իմ զօրութիւնս՝ ՝, քեզի պիտի սպասեմ, Վասն զի Աստուած է իմ ապաւէնս։
10 Ողորմութեանս Աստուածը ինծի պիտի հասնի. Աստուած պիտի ցուցնէ ինծի թշնամիներուս կորուստը։
11 Մի՛ մեռցներ զանոնք, որպէս զի ժողովուրդս չմոռնայ. Զանոնք ցիրուցան ըրէ՛ քու զօրութիւնովդ Ու վար ձգէ՛ զանոնք, ո՛վ Տէր, մեր վահանը։
12 Անոնք իրենց բերաններուն մեղքին ու շրթունքներուն խօսքին համար Իրենց ամբարտաւանութեանը մէջ թող բռնուին, Նաեւ անէծքին ու սուտին համար որ կը խօսին։
13 Կորսնցո՛ւր բարկութիւնով, կորսնցո՛ւր զանոնք՝ որպէս զի ոչնչանան Ու գիտնան թէ Աստուած կը տիրէ Յակոբին վրայ Մինչեւ երկրին ծայրերը։ (Սէլա։)
14 Անոնք իրիկունը ետ կու գան, Շան պէս ոռնալով, Քաղաքին չորս կողմը կը պտըտին։
15 Ուտելիքի համար պիտի թափառին, Եթէ չկշտանան՝ գիշերը այնպէս պիտի անցնեն։
16 Բայց ես քու զօրութիւնդ պիտի փառաբանեմ Ու առտուն քու ողորմութիւնովդ պիտի ցնծամ, Վասն զի դուն ինծի պահապան եղար Ու ապաւէն՝ իմ նեղութեանս օրը։
17 Ո՛վ իմ զօրութիւնս, քեզի սաղմոս պիտի երգեմ, Վասն զի իմ պաշտպանս Աստուած է, Իմ ողորմութեանս Աստուածը։