ՍԱՂՄՈՍ 90

Ո՜վ Տէր, դուն մեզի ապաւէն եղար ազգէ մինչեւ ազգ։
2 Լեռներուն ծնանելէն առաջ՝ Երկրի եւ աշխարհի ստեղծուելէն առաջ՝ Յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս դո՛ւն ես Աստուած։
3 Դուն մարդը փոշի կը դարձնես Ու կ’ըսես. «Ե՛տ դարձէք, մարդոց որդիներ»։
4 Վասն զի հազար տարին քու առջեւդ երէկուան պէս է, որ անցաւ, Կամ գիշերուան պահու մը պէս։
5 Կ’ընկղմես զանոնք, երազի պէս կ’ըլլան. Առտուն կանանչացած խոտի պէս կ’ըլլան.
6 Առտուն կը ծաղկի ու կը կանանչանայ, Իրիկունը կը կտրուի ու կը չորնայ։
7 Վասն զի քու բարկութենէդ կը մաշինք Եւ քու սրտմտութենէդ կը խռովինք։
8 Մեր անօրէնութիւնները՝ քու առջեւդ Ու մեր ծածուկ մեղքերը քու երեսիդ լոյսին մէջ դրիր։
9 Վասն զի մեր բոլոր օրերը քու բարկութիւնովդ կ’անցնին, Մեր տարիները՝ ցնորքի մը պէս։
10 Մեր կեանքի տարիները եօթանասուն են. Եթէ զօրութիւնով ութսուն ալ ըլլան, Տակաւին անոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է, Վասն զի անոնք շուտով կ’անցնին ու մենք կը թռչինք։
11 Ո՞վ գիտէ քու բարկութեանդ զօրութիւնը Եւ քու սրտմտութիւնդ քու վախիդ համեմատ։
12 Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, Որ սրտի իմաստութիւն ստանանք։
13 Դարձի՛ր, ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ. Գթա՛ քու ծառաներուդ։
14 Կշտացուր մեզ կանուխ քու ողորմութիւնովդ, Որպէս զի ցնծանք ու ուրախ ըլլանք մեր բոլոր օրերուն մէջ։
15 Ուրախացո՛ւր մեզ այն օրերուն չափովը որ տրտմեցուցիր. Այն տարիներուն չափովը որ չարիք տեսանք։
16 Թող երեւնայ քու գործդ քու ծառաներուդ Եւ քու փառքդ՝ անոնց որդիներուն։
17 Ու մեր Տէր Աստուծոյն վայելչութիւնը մեր վրայ ըլլայ։ Ձեռքերնուս գործը հաստատէ մեր վրայ. Մեր ձեռքերուն գործը հաստատէ։