ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 147
Գովեցէք Տէրը, վասն զի բարի է մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսելը, Վասն զի քաղցր ու վայելուչ է օրհնութիւնը։
2 Տէրը կը շինէ Երուսաղէմը, Իսրայէլի ցրուածները կը հաւաքէ,
3 Սրտով կոտրածները կը բժշկէ Ու անոնց խոցերը կը փաթթէ։
4 Աստղերուն թիւը կը համրէ, Անոնց ամէնքն ալ իրենց անուններովը կը կանչէ։
5 Մեծ է մեր Տէրը ու իր զօրութիւնը շատ է. Անոր իմաստութիւնը անհուն է։
6 Տէրը կը հաստատէ խեղճերը Ու ամբարիշտները մինչեւ հողը կը խոնարհեցնէ։
7 Երգեցէ՛ք Տէրոջը գոհութիւնով, Մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսէք քնարով,
8 Որ երկինքը ամպերով կը ծածկէ, Անձրեւ կը պատրաստէ երկրի համար, Խոտ կը բուսցնէ լեռներուն վրայ,
9 Որ անասուններուն իրենց կերակուրը կու տայ Ու ագռաւին ձագերուն՝ որոնք կ’աղաղակեն։
10 Անիկա ձիուն զօրութեանը չի հաճիր, Մարդուն սրունքները չի հաւնիր։
11 Տէրը կը հաւնի իրմէ վախցողները Ու իր ողորմութեանը յուսացողները։
12 Ո՛վ Երուսաղէմ, գովէ՛ Տէրը. Օրհնէ՛ քու Աստուածդ, ո՛վ Սիօն։
13 Վասն զի անիկա քու դռներուդ նիգերը ամրացուց Եւ քու որդիներդ քու մէջդ օրհնեց։
14 Անիկա քու սահմաններուդ խաղաղութիւն կու տայ Ու պարարտ ցորենով քեզ կը կշտացնէ։
15 Անիկա իր պատուէրը երկրին կը ղրկէ. Իր խօսքը արագութեամբ կը վազէ։
16 Անիկա բուրդի պէս ձիւն կու տայ Ու եղեամը մոխիրի պէս կը ցանէ։
17 Իր սառը պատառներու պէս կը նետէ. Անոր ցուրտին դէմ ո՞վ կրնայ կենալ։
18 Անիկա իր խօսքը կը ղրկէ ու կը հալեցնէ զանոնք։ Իր հովը կը փչէ ու ջուրեր կը վազեն։
19 Անիկա իր խօսքը կը պատմէ Յակոբին Եւ իր կանոնները ու դատաստանները՝ Իսրայէլին։
20 Բնաւ ազգի մը այսպէս չըրաւ, Բայց անոնք անոր դատաստանները չճանչցան։ Ալէլուիա՜՜,