ՍԱՂՄՈՍ 126

Երբ Տէրը Սիօնին գերութիւնը դարձուց, Երազ տեսնողներու՝ ՝ պէս եղանք։
2 Այն ժամանակ մեր բերանը խնդութիւնով լեցուեցաւ Ու մեր լեզուն՝ ցնծութիւնով։ Այն ժամանակ հեթանոսներուն մէջ ըսին. «Տէրը մեզի համար մեծ բաներ ըրաւ»։
3 Տէրը մեզի համար մեծ բաներ ըրաւ Ու մենք ուրախացանք։
4 Ո՛վ Տէր, դարձուր մեր գերութիւնը Հարաւի առուներուն պէս։
5 Անոնք որ արցունքով կը ցանեն, Ցնծութիւնով պիտի հնձեն։
6 Ան որ լալով կ’երթայ, Ցանելու սերմը տանելով, Անշուշտ ցնծութեամբ ետ պիտի դառնայ, Իր ցորենի խուրձերը բերելով։