ՍԱՂՄՈՍ 124

Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար Հիմա Իսրայէլ թող ըսէ՝
2 Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար, Երբ մարդիկ մեր վրայ ելան,
3 Այն ատեն ողջ ողջ պիտի կլլէին մեզ, Երբ անոնց բարկութիւնը մեր վրայ բորբոքած էր։
4 Այն ատեն ջուրերը մեզ պիտի ընկղմէին, Հեղեղը մեր անձերուն վրայէն պիտի անցնէր.
5 Այն ատեն փրփրած ջուրերը Մեր անձերուն վրայէն պիտի անցնէին։
6 Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, Որ մեզ անոնց ակռաներուն որս չտուաւ։
7 Մեր անձերը ճնճղուկի պէս որսորդներուն որոգայթէն ազատեցան. Որոգայթը կոտրուեցաւ ու մենք ազատեցանք։
8 Մեր օգնութիւնը Տէրոջը անունովն է, Որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։