ՍԱՂՄՈՍ 38

Ո՛վ Տէր, քու սրտմտութիւնովդ զիս մի՛ յանդիմաներ Ու բարկութիւնովդ զիս մի՛ խրատեր։
2 Վասն զի քու նետերդ իմ ներսիդիս մխուեցան Եւ քու ձեռքդ իմ վրաս կը ճնշէ։
3 Իմ մարմնիս մէջ առողջութիւն չկայ՝ քու բարկութեանդ երեսէն Ու ոսկորներուս մէջ հանգստութիւն չկայ իմ մեղքիս պատճառով,
4 Վասն զի անօրէնութիւններս գլխէս վեր բարձրացան, Ծանր բեռի պէս իմ վրաս ծանրացան։
5 Վէրքերս հոտեցան ու փտտեցան Իմ յիմարութեանս պատճառով։
6 Նուաստացայ ու խիստ ցածցայ. Ամէն օր տրտում կը պտըտիմ,
7 Վասն զի աղիքներս ջերմութիւնով լեցուեցան Ու մարմնիս մէջ առողջութիւն չկայ։
8 Տկարացայ ու խիստ ճնշուեցայ. Սրտիս հեծութենէն մռնչեցի։
9 Ո՛վ Տէր, իմ ամէն բաղձանքս քու առջեւդ է Ու իմ հեծութիւնս քեզմէ չծածկուեցաւ։
10 Սիրտս կը բաբախէ, ոյժս պակսեցաւ Ու իմ աչքերուս լոյսը՝ ան ալ ինծի հետ չէ։
11 Սիրականներս ու ընկերներս իմ չարչարանքիս պատճառով հեռու կը կենան, Ազգականներս ալ հեռու կը կենան
12 Ու անձս փնտռողները ինծի որոգայթ կը լարեն Ու ինծի չարիք ուզողները աւերումի մասին կը խօսին Եւ ամէն օր նենգութեան մասին կը մտածեն։
13 Սակայն ես խուլի պէս չեմ լսեր Ու բերանը չբացող համրի մը պէս եմ։
14 Եւ ես այնպիսի մարդու մը պէս եմ, որ չի լսեր Ու հակառակ խօսք չկայ իր բերանը։
15 Վասն զի, ո՛վ Տէր, ես քեզի կը յուսամ։ Դուն պիտի պատասխանես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։
16 Վասն զի ըսի. «Թող չխնդան իմ վրաս, անոնք որ Ոտքիս սահած ժամանակը ինծի դէմ կը հպարտանան»։
17 Վասն զի ես կաղ ըլլալու պատրաստ եմ Ու իմ ցաւս ամէն ատեն առջեւս է։
18 Վասն զի անօրէնութիւնս պիտի պատմեմ Ու մեղքիս համար հոգ պիտի ընեմ։
19 Բայց թշնամիներս ողջ են, ուժովցան։ Զիս զուր տեղը ատողները շատցան։
20 Ու աղէկութեան փոխարէն գէշութիւն ընողները Ինծի դէմ կը կենան, վասն զի ես աղէկութեան ետեւէ կ’երթամ։
21 Զիս մի՛ թողուր, ո՛վ Տէր, Ո՛վ իմ Աստուածս, ինծմէ մի հեռանար։
22 Ինծի օգնութիւն ընելու արտորցիր, Ո՛վ Տէր, իմ փրկութիւնս։