ՍԱՂՄՈՍ 11

Տէրոջը ապաւինեցայ. Ի՞նչպէս իմ անձիս կ’ըսէք թէ՝ «Թռչունի պէս դէպի ձեր լեռը թռչէ.
2 Վասն զի ահա մեղաւորները աղեղ լարեցին, Իրենց նետերը լարին վրայ պատրաստեցին, Որպէս զի մութ ատեն սիրտը շիտակ եղողներուն նետեն։
3 Եթէ հիմերը կործանին, Արդարը ի՞նչ պիտի ընէ»։
4 Տէրը իր սուրբ տաճարին մէջ է. Տէրոջը աթոռը երկինքն է. Անոր աչքերը կը տեսնեն, Անոր թարթիչները կը քննեն մարդոց որդիները։
5 Տէրը կը քննէ արդարը. Բայց անոր անձը կ’ատէ ամբարիշտը ու բռնութիւն սիրողը։
6 Ամբարիշտներուն վրայ պիտի տեղան որոգայթներ, Հուր եւ ծծումբ ու խորշակ. Ա՛յս պիտի ըլլայ անոնց բաժակին բաժինը։
7 Քանզի արդար Տէրը արդարութիւնը կը սիրէ, Անոր երեսը ուղիղին կը նայի։