ՍԱՂՄՈՍ 10

Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ հեռու կը կենաս. Նեղութեան ժամանակները կը ծածկուիս։
2 Ամբարշտին ամբարտաւանութեանը պատճառով աղքատը կը տոչորի՝ ՝, Իրենց խորհած հնարքներուն մէջ իրենք թող բռնուին։
3 Վասն զի ամբարիշտը իր անձին ցանկութիւնովը կը պարծենայ Եւ ագահը իր անձին երանի կու տայ, բայց կ’անարգէ Տէրը։
4 Ամբարիշտը իր երեսին ամբարտաւանութեանը համար Աստուած չի փնտռեր. Անոր մտքին մէջ բոլորովին Աստուած չկայ։
5 Ամէն ժամանակ անոր ճամբաները պինդ են. Քու դատաստաններդ անոր առջեւէն բարձր են. Անիկա իր բոլոր թշնամիներուն վրայ կը փչէ։
6 Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ «Պիտի չսասանիմ. Վասն զի ազգէ մինչեւ ազգ նեղութեան մէջ պիտի չըլլամ»։
7 Անոր բերանը անէծքով ու նենգութիւններով ու հարստահարուիթւններով լեցուն է. Անիրաւութիւնը ու անօրէնութիւնը անոր լեզուին տակ են։
8 Գիւղերուն դարանի տեղերը կը նստի, Գաղտուկ տեղերու մէջ անմեղը կը սպաննէ. Անոր աչքերը ծածկաբար տնանկներուն կը նային։
9 Գաղտուկ տեղեր դարանամուտ կ’ըլլայ, ինչպէս առիւծը՝ իր որջին մէջ. Դարանակալ կը նստի՝ աղքատը յափշտակելու համար. Աղքատը կը յափշտակէ՝ իր որոգայթը ձգելով զանիկա։
10 Կծկտած կը պառկի Եւ տնանկները անոր ճանկերուն տակ կ’իյնան։
11 Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ «Աստուած մոռցեր է Ու իր երեսը ծածկեր է, որպէս զի բնաւ չտեսնէ»։
12 Ելի՛ր, ո՛վ Տէր. ո՛վ Աստուած, ձեռքդ վե՛ր վերցուր, Մի՛ մոռնար նեղեալները։
13 Ինչո՞ւ համար ամբարիշտը Աստուած կ’անարգէ։ Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ «Պիտի չքննես»։
14 Դուն տեսար, վասն զի ցաւին ու նեղութեանը կը նայիս՝ Քու ձեռքովդ փոխարէն հատուցանելու համար։ Աղքատը ինքզինք քեզի կը յանձնէ. Որբին օգնականը դուն ես։
15 Ամբարշտին բազուկը կոտրէ, Ու չարին անօրէնութիւնը փնտռէ մինչեւ որ ալ չգտնես։
16 Տէրը յաւիտեանս յաւիտենից Թագաւոր է։ Հեթանոսները կորսուած են անոր երկրէն։
17 Տնանկներուն ցանկութիւնը լսեցիր, ո՛վ Տէր. Անոնց սրտերը պիտի հաստատես ու քու ականջդ պիտի խոնարհեցնես
18 Որբին ու տնանկին դատաստանը տեսնելու, Որպէս զի երկրի մարդը ա՛լ զանոնք չվախցնէ։